image

Հնչակեան նուիրեալ գործիչ՝ Ճորճ Թաւուքճեանին մահը ԱՄՆ-ի մէջ

Հնչակեան նուիրեալ գործիչ՝ Ճորճ Թաւուքճեանին մահը  ԱՄՆ-ի մէջ

 Օրերս Հալէպի հայկական համայնքը եւ մասնաւորապէս ՍԴՀԿ ընտանիքը  կորսնցուցած է համայնքի եւ կուսակցութեան նուիրեալ անդամներէն՝ Ճորճ Թաւուքճեանը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ ՍԴՀԿ Հալէպի շրջանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ մեր ընթերցողաց կը ներկայացնենք այդ տխուր առթիւ հրապարակուած մահագրութիւնը։

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Հիւսիսային Սուրիոյ Շրջանի Վարիչ Մարմինը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ Հալէպի շրջանի նուիրեալ բարերար՝ ամերիկաբնակ ընկեր ՃՈՐՃ ԹԱՒՈՒՔՃԵԱՆ-ի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 11 Փետրուար 2024-ին:

Նորոգ հանգուցեալ ընկերը ծնած է Հալէպ եւ յաճախած Կիլիկեան Ճեմարան: Ան երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով թեւ ու թիկունք կանգնած է Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանին, եղած է հաւատարիմ բարերար եւ տարիներ իր նիւթական օժանդակութեամբ գնահատած ու քաջալերած պաքալօրիայի պետական քննութեան բարձրագոյն նիշը ստացող վարժարանիս աշակերտութեանց։ Ան Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, ընդմիշտ նեցուկ կանգնած է վարժարանիս կառոյցներու վերանորոգման եւ Ս.Դ.Հ.Կ- ի պատկանող բոլոր միութիւններուն յառաջդիմութեան եւ ծաղկման։

Այս տխուր առիթով, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ տիկնոջը, զաւակներուն, համայն ընտանեկան պարագաներուն եւ գաղափարի ընկերներուն :

Խունկ եւ մոմ իր անթառամ շիրիմին։