Հայաստան- Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը այսօր Երեւանի մէջ կը նշէ Քսան Հնչակեան գործիչներու նահատակութեան 100-ամեակը: Յայտնենք, որ կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութունը վայելող սոյն միջոցառման ներկայ պիտի ըլլան տարբեր երկիրներէ այս առիթով Երեւան ժամանած պատուիրակութիւններ: Միջոցառման ներկաներուն իր պատգամը պիտի փոխանցէ կուսակցութեան ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Տիգրանեան: Նշենք, որ միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ այսօր յետմիժօրէի ժամը 6-ին Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան»ի անուան թատերասրահէն ներս: