image

«Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքը անհրաժեշտ է Իրանի եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար. Իրանցի գործիչ

«Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքը անհրաժեշտ է Իրանի եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար. Իրանցի գործիչ

Ղալիպաֆ. Քանի որ մենք կը գտնուինք տարածաշրջանային իրավիճակի ճակատագրական փուլի մէջ, անհրաժեշտ է զարգացնել երկկողմ եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը:

 

«Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքի կառուցումը անհրաժեշտ է Իրանին եւ Հայաստանին ազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման եւ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման համար: Այս մասին յայտնեց Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաղէր Ղալիպաֆը Թեհրանի մէջ իր հայ գործընկեր Ալէն Սիմոնեանի հետ հանդիպման ժամանակ:

Հանդիպման ընթացքին Ղալիպաֆը իր հայ գործընկերոջ այցն Իրան որպէս երկկողմ համագործակցութիւնը զարգացնելու լաւ հնարաւորութիւն որակեց:

Նշելով, որ հարեւաններուն հետ յարաբերութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան Իրանի կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ, Ղալիպաֆ ընդգծեց. «քանի որ մենք կը գտնուինք տարածաշրջանային իրավիճակի ճակատագրական փուլի մէջ, անհրաժեշտ է զարգացնել երկկողմ եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը»:

Ղալիպաֆ տնտեսութիւնը իրանա-հայկական յարաբերութիւններու կարեւորագոյն հարցը անուանած է: Անոր խօսքով` փոխադրութիւնը կարեւորագոյն տնտեսական հարց է երկու երկիրներուն միջեւ, քանի որ կապուած է անոնց միջեւ ապրանքներու եւ ուժանիւթի աղբիւրներու փոխանակման եւ հաղորդակցութեան հետ:

Անոր խօսքով` «Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքի կառուցումն անհրաժեշտ է Իրանին եւ Հայաստանին ազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման եւ երկկողմ համագործակցութեան զարգացման համար:

ՀՀ ԱԺ նախագահը եւս կարեւորեց երկու երիկրներու հնարաւորութիւններուն եւ ներուժի օգտագործումը առեւտուրի հաստատման եւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար:

Անոր խօսքով` Հայաստանը վերջին տարիներուն գործադրած է բոլոր ջանքերը` «Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքի շինարարութեան աւարտը արագացնելու համար` ընդգծելով, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ այդ հարցին: