ՀՀ Զինուած ուժերն այսօր դարձած են Հնդկաստանի գովազդային վահանակը։ Ազգային ժողովէն ներս հերթական նիստի ժամանակ նման կարծիք յայտնած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը։
«Ամէն անգամ խօսում ու կռւում եմ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնեաների հետ, որովհետեւ ռազմական ոլորտը, մասնաւորապէս զէնքի վաճառքը, գաղտնիութիւն է պահանջում։ ՀՀ Զինուած ուժերն այսօր դարձել է Հնդկաստանի գովազդային վահանակը։ Մամուլը գրում է` էսինչ հրթիռն ուղեւորուել է Հայաստան։ Լաւ, հնարաւոր չի՞ պայմանագիր կնքելիս գրել, որ սրա մասին հրապարակումն արգելւում է, ինչպէս ամբողջ աշխարհն է անում։ Հնդկական մամուլը գրում է, հայկականն էլ` արտատպում»,– բարկացած ըսած է Մանուկեանը։
Ընդդիմադիր պատգամաւորն արձանագրած է, որ ատոր համար ալ յաճախ լոճիսթիք խնդիրներ կ՚առաջանան։
Այս ելոյթի ընթացքին «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներէն մի քանին եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը սկսան տեղերնէն խօսիլ, դէմ արտայայտուիլ։ Ի պատասխան Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը հանդարտեցուց կուսակիցները` զգուշացնելով, որ տեղէն խօսիլը թոյլատրուած չէ, ընդգծեց` Գեղամ Մանուկեանը քաղաքական շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ։ Ազգային Ժողովի նախագահը շեշտեց` անհամաձայնութիւններու պարագային պատգամաւորները կրնան ելոյթներու ժամանակ խօսիլ այդ մասին։
Յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 12-ին հնդկական մամուլը յղում ընելով համալիրներ արտադրող «Bharat Electronics Limited» ընկերութեան, յայտնած էր, որ Հնդկաստանը Հայաստան ուղարկած է իր «Akash» զենիթահրռիթային համակարգերու առաջին մարտկոցը։