Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ մասնակցած է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինի եւ տիկին Փեն Լուանի անունով՝ ի պատիւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարներու եւ անոնց տիկնանց տրուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Ինչպէս տեղեկացուցած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն, ընդունելութեան մասնակիցները դիմաւորած են ՉԺՀ նախագահը՝ տիկնոջ հետ միասին, որմէ ետք կայացած է արարողակարգային տեսալուսանկարահանման արարողութիւն։
Միջոցառման ընթացքին վարչապետ Փաշինեանը եւ տիկին Յակոբեանը զրոյցներ ունեցած են շարք մը պետութիւններու ղեկավարներու եւ անոնց տիկնանց հետ։