ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ առկայ նախկին ԽՍՀՄ Զինուած ուժերէն մնացած չշահագործուող մէկ ՄՏԼԲ ՍՏՐԵԼԱ-10 եւ երկու ԲՏՌ-60 տիպի զրահափոխադրիչները պիտի փոխանցուին Վայոց Ձորի մարզի Արենի համայնքին`Հայրենական պատերազմին նուիրուած յուշահամալիրներու մէջ տեղադրելու նպատակով։
Զրահատեխնիկան 2006 եւ 2014 թուականներուն ճանչցուած է ոչ պիտանի, դուրս գրուած է ու կազմաքանդուած։
Ատոնք համայնքի յուշահամալիրներու մէջ տեղադրելու գաղափարը հաւանութեան արժանացած է համայնքի ղեկավարի կողմէ։
Միաժամանակ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ զինտեխնիկան կազմաքանդուած է` առկայ է միայն իրանը (կմախքը), ուստի պիտանի չէ պաշտպանական կամ այլ գաղտնի աշխատանքներու կատարման համար: