image

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է լուրը, թէ զինուորներն իրենց գումարով կը նորոգեն զինուորական մեքենաները

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է լուրը, թէ զինուորներն իրենց գումարով կը նորոգեն զինուորական մեքենաները

«Զինուորներն են իրենց գումարով յաճախ զինուորական մեքենաները նորոգում. վթարից տուժածի մայր» վերտառութեամբ հրապարակման վերաբերեալ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հաշուեկշիռին վրայ առկայ եւ զինուած ուժերու կարիքներուն համար շահագործուող բոլոր տեսակի մեքենաներու տեխնիկական սպասարկման, վերանորոգման եւ բոլոր այլ ծախսերը բացառապէս կը հոգայ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, եւ նախարարութեան՝ այդ նպատակով յատկացուցած միջոցները լիովին բաւարար են:

Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու հրապարակման մէջ տեղ գտած յայտարարութիւններու առնչութեամբ կը կատարուին ծառայողական քննութիւն, ինչպէս նաեւ կը կատարուին անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ: