Անկախ պետութիւններու համագործակցութիւնը կ՚ակնկալէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթերը պիտի դառնան խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման հիմք։ Այս մասին յայտարարած է ԱՊՀ գլխաւոր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւը կազմակերպութեան կանոնադրական եւ այլ մարմիններու մշտական ներկայացուցիչներու խորհուրդի նիստին։
Անոր խօսքով՝ Համագործակցութեան երկիրները գոհ եղած են Երեւանի եւ Պաքուի համատեղ յայտարարութենէն՝ այն համարելով կարեւոր քայլ տարաձայնութիւններու լուծման եւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման ուղղութեամբ։
«Ինչպէս մենք բոլորս Համագործակցութեան երկիրներու մէջ գոհ էինք Ղրղզստանի եւ Տաքիկստանի միջեւ միջպետական սահմանի վերաբերեալ պայմանագրի ստորագրումէն, այնպէս ալ հիմա մենք՝ Համագործակցութեան երկիրները, շատ գոհ ենք այս համատեղ հռչակագրի ստորագրումէն։ Մենք կը կարծենք, որ սա տարաձայնութիւններու վերջնական կարգաւորման եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ճանապարհին եղած փուլերէն մէկն է», –ըսած է ան։
Լեպետեւը յոյս յայտնած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աշխուժօրէն մասնակցելու ԱՊՀ աշխատանքներուն եւ պիտի ապահովէ կազմակերպութեան բարձրագոյն մարմիններու նիստերու աւելի համապարփակ կայացումն իրենց տարածքին մէջ։
Սեպտեմբեր 29-ին Մինսքի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը։