image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Ազգային ժողովը միաձայն ընդունեց «Պաշտպան հայրենեաց» ծրագիրը

ՀՀ Ազգային ժողովը միաձայն ընդունեց «Պաշտպան հայրենեաց» ծրագիրը

ՀՀ Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ միաձայն ընդունեց «Պաշտպան հայրենեաց» ծրագիրը։

91 պատգամաւոր կողմ քուէարկեցին «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագծին։

«Պաշտպան հայրենեաց» ծրագրով 18-ամեայ զինծառայողը 6 ամիս ծառայելէ ետք կրնայ 5 տարիով դառնալ պայմանագրային զինծառայող, ստանալ մինչեւ 380 հազար դրամ աշխատավարձ եւ օգտուիլ պայմանագրային զինծառայողի բոլոր արտօնութիւններէն։

Պայմանագրի ժամկէտի աւարտէն կամ առողջական վիճակի պատճառով վաղաժամ զօրացրուելէ ետք զինծառայողը, ըստ օրէնքի, կը ստանայ 5 մլն դրամ պարգեւավճար։

Պայմանագիր կնքած զինուորականները պիտի անցնին վերապատրաստում եւ դրական արդիւնքի պարագային պիտի ստանան աշխատավարձի յաւելավճարներ։