Reuters լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով չինական կողմի դիրքորոշման քաջատեղեակ աղբիւրներու, կը հաղորդէ, որ Փեքին դէմ է Ուքրանիոյ պատերազմի հարցը Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն նախատեսուած հանդիպման օրակարգին մէջ ընդգրկելուն։
Գործակալութեան համաձայն՝ ամերիկեան աղբիւրի մը գնահատմամբ՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանաբար հարցը պիտի չարծարծէ նախատեսուած հանդիպման ընթացքին։
Աւելի առաջ հաղորդուած էր, որ Թրամփ կը նախատեսէ բանակցութիւնները օգտագործել միջուկային սպառազինութիւններու վերահսկողութեան վերաբերեալ եռակողմ համաձայնութեան մը գաղափարը յառաջ մղելու համար։ Սակայն Reuters կը նշէ, որ Փեքին անընդունելի կը նկատէ Թրամփի առաջարկը՝ միջուկային բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ։
Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն միջեւ պատմութեան մէջ առաջին եռակողմ հանդիպումը նախատեսուած է 19 Նոյեմբերին՝ Չինաստանի Շինճին քաղաքին մէջ։