image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու տարօրինակ յայտարարութեան՝ Ալիեւի «համաներման» մասին

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու տարօրինակ յայտարարութեան՝ Ալիեւի «համաներման» մասին

Անհնար է չնկատել, որ Ատրպէյճանի նախագահի՝ 28 մայիսին ըրած յայտարարութիւնները ոչ միայն չէին առաջարկեր արժանապատիւ լուծումներ, այլեւ յստակ սպառնալիքներ կը պարունակէին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու անկախութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ իրենց հայրենիքին մէջ անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի նկատմամբ։ Այս մասին յայտարարած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը` արձագանգելով 31 մայիսիսն Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի խօսնակի յայտարարութեան։

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլերը նշած էր, որ կ'ողջունէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները «համաներման» վերաբերեալ։

Նշենք, որ Ալիեւ 28 մայիսին Ղարաբաղի իշխանութիւններէն պահանջած էր ցրել խորհրդարանը, իսկ պաշտօնեաներուն՝ լքել իրենց պաշտօնները։ Ան շեշտած էր, որ միայն այդ կերպ անոնք կրնան «համաներում» ստանալ:

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է՝ Միացեալ Նահանգները պէտք է համարժէք արձագանգէ Ատրպէյճանին՝ կանխելու անոր ղեկավարութեան՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումներու նկրտումները։

«Կարծում ենք՝ մեր բոլոր գործընկերների համար ակնյայտ պէտք է լինի, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացում առանցքային են ինչպէս Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ միմեանց տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանների անխախտելիութեան ճանաչումը, այնպէս էլ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հասցէագրումը»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս մէկ անգամ յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը չի կրնար մեկնաբանուիլ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ էթնիք զտումներ եւ ինքնիրաւչութիւն իրականացնելու իրաւասութիւն: