image

ՀՀ ԱԳ նախարարի բոլոր տեղակալները հրաժարած

ՀՀ ԱԳ նախարարի բոլոր տեղակալները հրաժարած

 

ՀՀ ԱԳ նախարարի բոլոր տեղակալները ներկայացուցած են աշխատանքէ ազատման դիմումներ, որոնք անցեալ շաբաթ համապատասխան միջնորդագրերով ուղարկուած են վարչապետի աշխատակազմ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

 

Յիշեցնենք՝ 27 Մայիսին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած էր ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանը: 

Լքելով պաշտօնը՝ Այվազեանը հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ, ըստ էութեան, իշխանութիւնները մեղադրելով երկրի շահերուն հակասող քաղաքականութիւն իրականացնելու մէջ: Վարչապետի պաշտօնակատարը փորձած էր Այվազեանէն բացատրութիւններ պահանջել, մինչ այժմ՝ անարդիւնք:

Այվազեանի նախորդը՝ Զոհրապ Մնացականեանը, թողելով իր պաշտօնը, նոյնպէս Փաշինեանին եւ անոր խումբին մեղադրած էր ճշմարտութենէն պարբերաբար շեղելու մէջ: