image

Հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը

Հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը

Կիրակի, 19 Մարտին յատուկ շահագրգռութիւն ներկայացնող տեղեկութեամբ մը կիսուեցաւ Գահիրէի Հայ դատի պատասխանատու ընկերը՝ բժ. Արմէն Մազլումեանը։ Արդարեւ յաջորդ օր՝ Մարտի 20-ին նախատեսուած էր հարաւային Գալիֆորնիա այցելող Եգիպտոսի ներգաղթի եւ արտերկրի եգիպտացիներով զբաղուող պետական նախարար՝ դեսպան Սոհա Կինտիի եւ ուղեկից պատուիրակութեան հանդիպումը Եգիպտոսէն արտագաղթած ամերիկահայութեան, գաղափարներով կիսուելու Եգիպտոսի Հանրապետութեան մէջ ձեռնարկութիւններ վարելով շահագրգիռ գործարարներու եւ ձեռնարկատէրներու հետ (Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը ներկայացուցած ենք ներկայ համարի 8-րդ էջը)։

Հոյակապ նախաձեռնութիւն մը արդարեւ, զոր պայմանական՝ պիտի կոչենք ԴՐԱԿԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախադուռ։ Բնականաբար՝ նպատակը երկրորդ հայրենիք, հիւրընկալ Եգիպտոսի արդի կարիքներուն բաւարարման նպաստելն է։ Պէտք է նկատել, որ նախաձեռնութեան օրինակելիութիւնը կու գայ այն տխուր իրականութենէն, որ հայրենամերձ գօտիի հիմնական երկիրները՝ Լիբանան, Սուրիա եւ այլք, նոյնպէս կարիքն ունին դրական ներգործութեան, խռովեալ եւ պետութեան հիմքերը ցնցող կացութիւններէն դուրս գալու համար։ Բնականաբար՝ հայ համայնքը շահառու է ամենուր՝ նպաստաւորուող նման ճիգերէ։

Միաժամանակ, անձնապէս համոզուած ենք, որ նման աշխատանքներ օգտակար եւ հիմնական ազդեցութիւն կ’ունենան, եթէ համապատասխան միաւորման, գործակալութեան՝ եթէ կ’ուզէք, խողովակով ու համակարգումով կատարուին։ Պարզ է՝ միաւորումը թէ գործակալութիւնը թէեւ հայկական պիտի ըլլայ, մասնակցութիւնը հայերով պիտի չսահմանափակուի։

Համոզուած ենք նաեւ, որ այս պետութիւնները, որոնք տասնամեակներու, հարիւրամեակներու պետական կեանք ունեցած են եւ կուտակած հարուստ փորձ, ներդրումներն առանձին բաւարար կրնան չըլլալ։ Անոնք ունին կառուցային՝ համակարգային թերութիւններ, զորս բառնալու՝ սրբագրելու խորհրդատուական նպաստը ներդրումին հետ կրնայ եղանակ ստեղծել։ Կարեւորը՝ գործընկերները համոզուած ըլլան, որ հայկական ճիգը շիլ հաշիւներով չ’առաջնորդուիր, Եգիպտոսը թէ Լիբանանը կամ Սուրիան հարազատ կը նկատէ, որոնց բարօրութիւնն ու կայունութիւնը, երախտապարտութենէն անդին իբրեւ շահակից ու գործընկեր կ’ընկալէ։

Բնական է, իւրաքանչիւր երկրի պարագան կը տարբերի միւսէն եւ ըստ այնմ պէտք է ուսումնասիրուի։ Իսկ ո՞վ պիտի կատարէ այս գործը։ Իբրեւ տարագիր, տասնամեակներու ընթացքին ստեղծեցին եւ կենսաւորեցինք հայկական քաղաքական ներգործուն մարմիններ՝ Հայ դատի գրասենեակներ ու յանձնախումբեր, Ամերիկայի հայկական համախմբում, Ամերիկայի հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւն՝ ԱՃԳԸ, Ամերիկահայ իրաւաբաններու ընկերակցութիւն՝ Armenian bar association, եւ այլն, որոնցմէ ոմանք գործունէութեան ասպարէզի անձկութիւն ունեցան եւ լճացան, անգործութեան մատնուեցան, կազմալոյծ վիճակ ձեւացուցին։ Առնուազն՝ իրենց մասին ա՛լ չենք լսեր։ 

Վերջին տասնամեակին հայ կեանքին մէջ դրական այլ գործ մը ի յայտ եկաւ – «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը (առանց անտեսելու ՀԲԸՄ-ը, ՀՕՄ-ը, տեղական այլ կազմակերպութիւններու վաստակը, որոնց առաքելութիւնը կարիքաւոր հայ անհատներու թէ համայնքներու աջակցութիւնն է)։

Այն ինչի մասին կը խօսինք այսօր, այս բոլորին համադրութիւնն է, մասնագիտութիւններով ամբողջացած՝ խորհրդատուական եւ ձեռներէցութեան բարձր որակով պսակուած։ Եթէ Մ. Նահանգները թուական, ֆինանսական առաւելու- թիւն ունի, չի նշանակեր որ խնդիրը կը փակուի անով, դուրս թողելով մնացեալ սփիւռքը եւ Հայաստանը։ Պետութիւններ համայնքներու չեն դիմեր, կը դիմեն այլ պետութիւններու եւ ֆինանսական մեծ կառոյցներու։ Այսօր եթէ հայոց կը դիմէ Եգիպտոս, նկատի ունի անցեալի բարի յիշատակը հայերուն, որոնք մասնակից եղան երկրի յառաջդիմութեան եւ բարօրութեան կերտումին։ Սակայն, ներկան ապացուցեց, որ անբաւարար էր։ Ահա այս անբաւարար ըլլալէն կը ծագի միտքը, որ այո՛, պէ՛տք է մասնակցիլ վերականգնման, նպաստել ձեռնարկուած ենթակառուցուածքային մեծ գործի ամբողջացման, արդիւնաւորման, միաժամանակ չմոռնալով, որ անհատը, թերեւս ունենայ նիւթական հզօրութիւնը ձեռնարկութիւն մը հաստատելու եւ վարելու, ինչը ամբողջական նպատակին չբաւարարելէ անդին կրնայ ներդրողին համար ռիսկային ալ ըլլալ։

Աւանդական սփիւռքի մէջ մեր ծնողները, երիտասարդական-ընկերային կազմակերպութիւնները մեզ դաստիարակեցին երկրի պարկեշտ, պարտաճանաչ, օրինակելի քաղաքացիի մտապատկերով։ Արդէն աւելի քան հարիւր տարի է, մենք չենք շեղած այս գիծէն ու պէտք չէ ալ շեղինք։ Սակայն պարտաւոր ենք զայն զարգացնել։ Ցարդ մեր վարքը ընդհանրապէս գնահատանքի արժանացած է, անձնական կամ հաւաքական մակարդակով, սակայն մազաչափ անգամ չէ օգնած, որ ներդրումի պատասխանը ստանանք, օրինակ՝ հայ մարդուն արտագաղթելու մղող ազդակները չէզոքացնէ։ 

Եգիպտոսի մէջ, Հայ դատին կամ ընդհանրապէս հայկական հարցերու նկատ-մամբ քաղաքական դրական վերաբերմունքի ձեւաւորումն իր հերթին ակնկալութիւն մըն է։ Այնուամենայնիւ՝ ամէն ինչ քաղաքական նպատակայարմարութեան ենթակայ կը մնայ։ Կարիքը կայ՝ պետութեան գլխաւոր դէմքի մակարդակով կարելի է Ցեղասպանութեան ակնարկել, պէտք չէ՝ լռութիւն կը տիրէ։ Այս ձեւով ժամանակը Արամ Ա. վեհափառի խօսքով՝ սփիւռքի մաշումին կը վերածուի։ 

Ակնկալութիւն եւ հիասթափութիւն։ Բայց ինչէ՞ն։ Որ ճանչնան ցեղասպանուա՞ծ ըլլալնիս։ Յետոյ ի՞նչ։ Աշխարհի աւելի քան 35 պետութիւն ճանչցեր է ցեղասպանութիւնը, յուշարձաններ կանգնած են, պետութեանց առաջին դէմքեր կը յարգեն մեր նահատակներու յիշատակը, սակայն հիմնականը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայրենամերձ գօտիներու մէջ հայոց սպառնացող վտանգները չեն փարատիր։ 

Համոզուած եմ՝ ոչ ոք պէտք է մեղադրել այս իրականութիւններուն համար։ Առաւել եւս՝ յուսահատիլ ու բախտի ելեւէջներուն անձնատուր ըլլալ, սեփական էութենէն օտարանալ։ Ընդհակառակը, յառաջ երթալ եւ ձգտիլ նոր մակարդակի բարձրացնել մեր ազգային ներգործութեան կարողականութիւնը։ 

Պետութիւններու հետ յարաբերող Հայաստանի հանրապետութեան հնարաւորութիւնները սահմանափակ պահուեցան։ 

Աշխարհատարած Սփիւռքը՝ տարբեր պետութիւններու սահմաններուն մէջ ապրող համայնքները առանձին-առանձին անկարող են պէտք եղած եղանակը ստեղծել, մանաւանդ որ մեծ է թիւը այն արիւնակիցներուն, որոնք հրաժարած են ներգործուն մասնակցութենէ, կամ՝ ընդհանրապէս հայութենէն, օտարութիւնը աւելի յարմարաւէտ գտած են, հեռո՜ւ հայկական տաղտուկէն։

Եթէ աւելցնենք այս աշխարհէն հեռացած կամ ապրող տարբեր բնագաւառներու մէջ վաստակ եւ վարկ նուաճած գործիչները, գիտնականները, որոնց մեծ մասին անծանօթ է հայ կեանքը, որովհետեւ անոնք ընելիք չեն ունեցած եւ չունին հայկական անձուկ միջավայրին մէջ, կրնանք պատկերացում կազմել մեր կորուստներուն։ 

Իսկ հայկական միջավայրին հնաբնակները թէ նորեկները՝ եկեղեցիներու, ակումբներու թէ վարժարաններու շուրջ, շինարարութիւնները եւ նուիրահաւաքները աւարտելէ ետք բնական կարգով անգործ կը մնան, կը լճանան, գոյութեան իմաստը կորսնցնելու մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն։ 

Յետո՞յ։

Եթէ այսպէս շարունակուի, ուշ կամ կանուխ ամէն ինչ պիտի աւարտի եւ համատարած գերեզմանային լռութիւն տիրէ։ 

Արամ Ա․ կաթողիկոսի Սփիւռքը վերակազմակերպելու հայեցակարգը թերեւս ներառած է այս հեռանկարը, սակայն առ այժմ ոչինչ յստակ է, ոչինչ հրապարակուած է՝ հայեցակարգ կամ իրավիճակ փոխելու քայլերու մասին։ 

Յստակ է միայն, որ դրական ներգործութեան բացակայութեան, հայրենամերձ գօտիներուն մէջ անցած հարիւրամեակին ստեղծուածը, հետզհետէ կ’անշքանայ, մեր հաւաքական վերապրումի հիմերուն մահացու հարուած կը հասցնէ։ 

Թէեւ կրնայ յաւակնոտ եւ անիրապաշտ թուիլ, լուծումը հորիզոնական եւ ուղղահայեաց ծաւալումներն են, նոր ասպարէզներու ընդգրկումը եւ ներգործութեան յայտ ներկայացնելը։

Մենք պարտաւոր ենք ստեղծագործ մօտեցումով դիմակայել օր աւուր ահագնացող մարտահրաւէրներուն եւ տանելի միջավայր ստեղծելու ձգտիլ մեր բոլոր հնարաւորութիւնները կազմակերպելով եւ ներգործուն դարձնելով։

Յապաղիլը, երկմտանքը, անվճռականութիւնը վիճակը աւելի կը բարդացնէ։ 

 

Զաւէն Լիյլոզեան

«Յուսաբեր»