image

«Հերոսի մահով ընկաւ». 23-ամեայ Գոռ Ասատրեան 6 զինուորի հետ կռուած է հակառակորդի 50 հոգինոց խումբին դէմ

«Հերոսի մահով ընկաւ». 23-ամեայ Գոռ Ասատրեան 6 զինուորի հետ կռուած է հակառակորդի 50 հոգինոց խումբին դէմ

Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի դէմ յարձակման հետեւանքով Վարդենիս տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ 14 սեպտեմբերին զոհուած է լեյտենանտ՝ Գոռ Ասատրեան։

Գոռ Ասատրեան Գեղարքունիքի մարզի Լճաւան գիւղէն էր, ունէր մէկ եղբայր եւ մէկ քոյր։

Լճաւանի գիւղապետ՝ Լիովա Գէորգեան պատմեց, որ 23-ամեայ Գոռը տան աւագ զաւակն էր։

Գոռի եղբայրը կը ծառայէ Սիսիան, ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ ան ալ Սիսիանի մէջ կռուած է։

Գոռ Ասատրեան ուսանած էր Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանը, նշանակուած էր Քարվաճառի մէջ վաշտի հրամանատար, մասնակցած էր 44-օրեայ պատերազմին։

«Իր վաշտի 6 զինուորի հետ մարտնչել է հակառակորդի 50 հոգանոց խմբի դէմ։ Հերոսական պայքար է մղել, հերոսի մահով ընկել։ Ժպիտը դէմքին, բարի, լաւ անձնաւորութիւն էր։ Շատ բան է արել բանակի համար, հայրենիքի իսկական զինուոր էր»,- պատմեց Լիովա Գէորգեան։

Լուրը՝ NEWS.am-էն: