 
                    ՀՀ արտաքին գործոց նախարար, ԱԺ նախկին նախագահ Արարատ Միրզոյեանի վրայ յարձակման գործով մեղադրեալներէն Թորգոմ Ասատրեանը դատապարտուած է 5 տարի 6 ամիս ժամկէտով ազատազրկման։
Նման որոշում կայացուցած է Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը:
Մեղադրող դատախազն առաւելագոյն պատժաչափ պահանջած էր (7 տարի)՝ նշելով, որ Ասատրեանը յանցանքը կատարած է խումբի կազմի մէջ, առանձնակի դաժանութեամբ եւ ռազմական դրութեան պայմաններու մէջ։
Թորգոմ Ասատրեանը անազատութեան մէջ է շուրջ 3 տարի. ան կալանաւորուած է 2023թ․ փետրուարին՝ 2020թ․ նոյեմբեր 9-ի իրադարձութիւններէն 2,5 տարի անց։
