image
Հրատապ լուրեր:

HDP-ի 3 Անդամներ Հրաւէր Ստացան Տաւութողլուի Փոխանցման Կառավարութեան Մաս Կազմելու

HDP-ի  3  Անդամներ Հրաւէր Ստացան     Տաւութողլուի Փոխանցման Կառավարութեան Մաս Կազմելու

Թուրքիա-   («Տէյլի Սապահ»-  Պոլիս)  Քրտամէտ    HDP-ի    3 անդամներ հրաւէր ստացան մաս կազմելու  Տաւութօղլույի այսօր կազմելիք կառավարութեան:   Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ      «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը նշէ, որ    նոր կառավարութեան  մասնակցութեան  հրաւէր  ստացած  բոլոր  թեկնածուներուն      ուղղուած  հրաւէրին պատասխան մը տալու վերաբերեալ ժամկէտ նշուած է այսօր երեկոյեան ժամը 6–ը:     Թերթին փոխանցմամբ HDP-ի    կողմէ կառավարութեան մաս կազմելու հրաւէր  ստացածներն են ՝  Լէվէնթ Տիւզէլ, Ալի  Հայտար Քոճա եւ  Միւսլիւմ  Տողան:  HDP-էն  Զատ  կառավարութեան   մաս կազմելու հրաւէրներ ուղղարկուած են  նաեւ   CHP -ին  եւ   MHP-ին: Նշենք, որ Տաւութողլուի  կազմելիք  այս կառավարութիւնը    պաշտօնի վրայ պիտի մնայ մինչեւ յառաջկայ   Նոյեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները: