Լիբանանէն տխուր լուր ստացանք։ Իր մահկանացուն կնքած է ՀԲԸՄ-ի ՀԵԸ-ի երկարամեայ եւ նուիրեալ անդամուհիներէն՝ Ռուպինա Ճիկէրեանը։
Ողբացեալին մասին կարճ մահագրական մը տուած է ՀԲԸՄ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի դիմատետրի էջը, որ մասնաւորապէս գրած է ՝
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մեծ ընտանիքը կորսնցուց ՀԲԸՄ-ի վեթերան անդամ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի, մշակութային եւ ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Սեւան Գործադիր վարչութիւններու երկարամեայ անդամ Ռուպինա Ճիկերեանը:
Նախանձախնդիր եւ նուիրեալ միութենականի տիպար Ռուպինա Ճիկերեանի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ բոլոր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ականներու սրտին մէջ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: