image
Հրատապ լուրեր:

Արմատներով Հալէպէն. Հայուհի Բարտի Մինասեանի նոր յաղթանակը

Արմատներով Հալէպէն. Հայուհի Բարտի Մինասեանի նոր յաղթանակը

Պոսթընի մէջ տեղի ունեցած է Պոսթընի կիթառի միջազգային փառատօնէն առաջ կատարուող ստեղծագործական մրցոյթը, որու ժամանակ 19 երկիրներէ մասնակցող 48 երաժիշտներէն սուրիահայ երիտասարդ ստեղծագործող՝  Բարտի Մինասեանի ստեղծագործութիւնը արժանացած է առաջին մրցանակին: 

Ինչպէս կը տեղեկանանք, յաղթողները, անոնց կարգին՝ առաջին մրցանակի արժանացած մեր հայրենակցուհին, հնարաւորութիւն ստացած են մասնակցելու 22-26 Յունիսին կայանալիք կիթառի փառատօնին: Փառատօնի ընթացքին պիտի հնչեն յաղթող ստեղծագործութիւններու արհեստավարժ կատարումները: Բարտի Մինասեանի ստեղծագործութիւնը իբրեւ նորարարութիւն գնահատուած է մրցոյթի ժամանակ.  երաժիշտը անուանած է այն «Ուղտերու պարը»: 

Նշենք, որ Բարտի Մինասեան իր երաժշտական կրթութիւնը ստացած է Հայաստան, ապա՝ մասնագիտացած Միացեալ Նահանգներ: Ան մասնակցած է բազմաթիւ փառատօններու, համերգներու եւ կատարումներով հանդէս եկած շարք մը երկիրներու մէջ: