Ֆրանսահայ երգչուհի Ռոզի Արմէն այն սփիւռքահայ արուեստագէտներէն է, որ միշտ կապուած եղած է հայրենիքին՝ սկսած 1960-ականներէն: Հայաստանի անկախութենէն ետք առաւել ջերմ դարձած են արդէն անկախ Հայաստանի հետ անոր կապերը: Երգչուհին 1991 թուականէն սկսեալ հայրենիքի մէջ մասնակցած է զանազան ծրագիրներու: Հայաստանի իշխանութիւններն ալ երգչուհին պարգեւատրած են Պատուոյ շքանշանով, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետայլով եւ այլ պարգեւներով, արժեւորած են անոր արուեստը, նուիրումը՝ հայ երգին: Ամենամեծ պարգեւը, անշուշտ, ժողովուրդի սէրն է՝ օտար ափերու մէջ հայ երգը պահող արուեստագէտին հանդէպ եւ այդ սէրը Ռոզի Արմէն զգացած է միշտ:
Ամէն անգամ, երբ կը գրենք սփիւռքահայ մտաւորականի մը, արուեստագէտի մը մասին, հայրենիքի հետ իր կապի միջոցով կը փորձենք տալ նկարագիրը, ներկայացնել յատկանշական դրուագներ: Սփիւռքը լրաժէք է հայրենիքով, հայրենիքը՝ սփիւռքով եւ հոն ապրող, գործող, ստեղծագործող հայ գործիչներն ալ ինքզինք ամբողջական կը զգան հայրենիքի հետ կապով:
Ֆրանսահայ երգչուհի Ռոզի Արմէն այն սփիւռքահայ արուեստագէտներէն է, որ միշտ կապուած եղած է հայրենիքին՝ սկսած 1960-ականներէն: Հայաստանի անկախութենէն ետք առաւել ջերմ դարձած են արդէն անկախ Հայաստանի հետ անոր կապերը: Երգչուհին 1991 թուականէն սկսեալ հայրենիքի մէջ մասնակցած է զանազան ծրագիրներու: Հայաստանի իշխանութիւններն ալ երգչուհին պարգեւատրած են Պատուոյ շքանշանով, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետայլով եւ այլ պարգեւներով, արժեւորած են անոր արուեստը, նուիրումը՝ հայ երգին: Ամենամեծ պարգեւը, անշուշտ, ժողովուրդի սէրն է՝ օտար ափերու մէջ հայ երգը պահող արուեստագէտին հանդէպ եւ այդ սէրը Ռոզի Արմէն զգացած է միշտ:
2018 թուականի Հայաստանի քաղաքական իրադարձութիւններէն ոգեւորուած՝ երգչուհին աւելի լաւ հայրենիք տեսնելու յոյսով ոգեւորութեամբ արձագանգած է տեղի ունեցածին, սակայն յաջորդած ծանր տարիներուն այլեւս ձայն չլսուեցաւ Ռոզի Արմէնէն, որու սիրտը, վստահ նոյնպէս ցաւ կ՚ապրի Հայաստանը պատած ողբերգութիւններու համար: Երգչուհին զինք անուանած է «հայու սիրտով ֆրանսուհի» եւ ըսած՝ հակառակ որ կ՚ապրի Ֆրանսա, բայց սիրտը հայրենիքի հետ է: 2019 թուականին իր բեմական գործունէութեան 60-ամեակը ան համերգով նշեց Հայաստանի մէջ: Այդ համերգին հին երգերու հետ նաեւ նոր երգեր երգեց, կատարեց զուգերգներ:
Իսկ մայիսի 1-ին լրացաւ Ռոզի Արմէնի ծննդեան 85-ամեակը, իսկ տօնակատարութիւններ չեղան այդ առթիւ: Հայաստանը բոլորովին ուրիշ օրեր կ՚ապրի այս շրջանին…
ԵՐԳԸ՝ ՊԶՏԻԿ ՏԱՐԻՔԷՆ
Ռոզի Արմէնի 85-ամեակը լրանալուն հետ լրացաւ նաեւ 70-ամեակը իր բեմին վրայ ըլլալուն: Բայց ան երաժշտութեան աշխարհ մուտք գործած է շատ աւելի վաղ՝ չորս տարեկանէն:
Չորս տարեկան հասակին հրաշալի ձայնով եւ հետաքրքրական կենսագրութեամբ այս երգչուհին, որ տակաւին մանուկ էր, կեցած է դպրոցական նուագախումբին առջեւ եւ ղեկավարած զայն: Այս զարմանալի դրուագը միակը չէ մեծ երգչուհիի կենսագրութեան մէջ։ Յետագային ան, տակաւին տասներկու տարեկան, շրջած է հիւանդանոցներու մէջ եւ համերգներ սարքած հիւանդներուն համար: Ամէնուրեք փոքրիկ երգչուհին ընդունած են սիրով, Ռոզին դարձած է բոլոր համերգներու սիրտն ու հոգին: Պզտիկ տարիքէն ան որոշած է, որ երգն է իր ընտրած ճանապարհը եւ մինչեւ այսօր անդաւաճան մնացած է սիրտեր գերող եւ հոգիներ հմայող արուեստին:
Անցնող դարու առասպելներէն մէկը կրցաւ դառնալ միաժամանակ երկու ազգերու՝ ֆրանսացիներու եւ հայերու հպարտութիւնը: Ռոզի Արմէն երգած է բազմաթիւ նշանաւոր աստղերու հետ. օրինակ՝ Շարլ Ազնաւուր, Ժիլպէռ Պեքօ, Մորիս Շէօվալիէ: Անոր համար երգեր գրած են նշանաւոր երաժիշտներ. ինչպէս՝ Խուլիօ Իկլեսիաս: 1971 թուականին Ռոզի Արմէն Խուլիօ Իկլեսիասի հետ ձայնագրած է «Gwendoline» ալպոմը, որ մինչ այժմ կը հանդիսանայ երգչուհիի այցեքարտը:
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու նշանաւոր բեմեր թնդացած են նշանաւոր հայուհի-ֆրանսացիի երգէն: Ճիշդ է՝ ան վաղուց, որեւէ մենահամերգ չէ սարքած, բայց անոր ձայնասկաւառակները, երգերը, ձայնագրութիւնները կը մնան ձայնադարաններուն եւ յիշողութիւններուն մէջ բոլոր անոնց, որոնք կը գնահատեն անոր անցեալի որակեալ երաժշտութիւնը, որ երբեք չի դադրիր ժամանակակից ըլլալէ:
1943 թուականի մայիսի 1-ին Փարիզ ծնած է Ռոզի Յովհաննիսեան հայուհին։
Ծնողքը Ֆրանսա գաղթած են 1920-ական թուականներուն: Անոր հայրը Նախիջեւան ծնած Խուրշուտ Յովհաննիսեանն էր, իսկ մայրը՝ Անգարայի արուարձաններէն մէկուն մէջ ծնած Նուարդ Ալոզեանը։ Անոնք Փարիզի մէջ իրարու հանդիպելով՝ ընտանիք կազմած էին։ Ռոզիի՝ Ռոզի Յովհաննիսեանի ծնողքը կը փափաքէին, որ իրենց դուստրը դառնար բժիշկ, սակայն տակաւին չորս տարեկանին Ռոզին իր ոտքը ամուր դրաւ երգարուեստի մէջ եւ երբ հասուն տարիքին վերջնականապէս ընտրեց երգը, ինքզինք կնքեց Ռոզի Արմէն բեմական անունով:
Ֆրանսերէն, սպաներէն, իտալերէն, գերմաներէն երգող երգչուհին, որեւէ բեմի վրայ եւ ո՛ւր որ ալ երգած է, անպայման համերգի ընթացքին երգած է նաեւ հայերէն՝ իր մայրենի լեզուով: Հակառակ անոր, որ ան ֆրանսական դպրոց գացած է, հրաշալի կը խօսի հայերէն, ծանօթ է հայոց մշակոյթին եւ պատմութեան։ Ամբողջ կեանքի ընթացքին երգչուհին հպարտ եղած է իր հայ ըլլալով եւ երբեք չէ վարանած յայտնել այդ մասին ամէնուր, ուր որ գնահատած, ընդունած եւ պատուած են զինք: Յատկանշական դրուագ մը կայ անոր կենսագրութեան մէջ. երբ Ռոզի Արմէն առաջին անգամ երգած է Իրանի շահի պալատին մէջ, շահը գոհունակ տեսքով մօտեցած է իրեն ու հարցուցած երգչուհիի ծագման մասին: Ռոզին մեծ հպարտութեամբ պատասխանած է. «Հայ եմ»:
1961 թուականին առաջին անգամ թողարկուած է Ռոզի Արմէնի սկաւառակը, որմէ յետոյ ալ սկսած է անոր շրջայցը արտերկրի մէջ՝ Պելժիա, Իրան, Թուրքիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան, Խորհրդային Միութիւն:
1960-ականներու վերջերը արդէն Ռոզի Արմէն միջազգայնօրէն ընդունուած անուն մըն էր: Անոր անունը յաճախ կը հնչէր Սիլվի Վարդանի անունին զուգահեռ՝ այս ձեւով նշանաւոր երկու հայուհին դարձնելով այդ ժամանակներու Ֆրանսայի իւրայատուկ խորհրդանիշները: 1966 թուականին Ռոզի Արմէն Ֆրանսայի տասներկու լաւագոյն երգիչներու կարգին էր: Երգչուհին «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ ֆրանսական եւ եւրոպական այլ ժողովուրդներու երգերու կարգին հնչեցուցած է նաեւ հայկական դասական եւ ժողովրդական երգեր: 1968 թուականին ան նոր կատարումներով շրջագայած է Եւրոպայի խոշոր քաղաքներու մէջ, մասնակցած է միջազգային մրցանակաբաշխութիւններու, արժանացած առաջին մրցանակի: 1965 թուականին Ռոզի Արէմն առաջին անգամ հանդէս եկած է հայ հասարակութեան առջեւ, իսկ յետոյ արդէն զինք ընդունած են մոսկովեան երաժշտասէրները: Մոսկուայի մէջ Ռոզի Արմէն ունեցած է տասներկու համերգ, ինչ որ այդ տարիներու համար կը նկատուէր աննախընթաց մեծ յաջողութիւն մը: Մոսկուայի թերթերն ու հանդէսները կը գրէին տաղանդաւոր հայուհիին մասին, իսկ ան, տարիներ ետք Մոսկուայի համերգներու մասին ըսած է.
«Այս տասներկու համերգները այնքան յաջող անցած էին, որ արդիւնքին ունեցայ քսանութ համերգ: Այդ համերգներու ընթացքին իմ երկրպագուներու կարգին էին՝ Տիգրան Պետրոսեան, Մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեան, Առնօ Բաբաջանեան, բանաստեղծ Եւկենի Եւտուշենքօ: Կը յիշեմ, թէ ինչպէս մեծն Առնօ Բաբաջանեան ամէն համերգէ ետք կու գար զիս տեսնելու, որպէսզի երթամ իր ընտանիքին հետ ճաշելու, եւ գրեթէ մինչեւ առաւօտ ան կը նուագէր իր ստեղծագործութիւնները՝ առջարկելով որեւէ մէկը ընտրել իմ երգացանկի համար: Անոնք անմոռանալի երեկոներ էին»:
Արամ Խաչատուրեան երգչուհիին նուիրած է իր «Սեւ կակաչ» երգը: Ծանօթ է, որ երաժտահան Արամ Խաչատուրեան, մեծ թիւով երգեր չունի։ Ան ստեղծագործած է այլ երաժշտական ժանրերու մէջ, բայց անոր հազուագիւտ երգերէն երկուքը նուիրուած են Ռոզի Արմէնին: Ոգեւորուած հայ երգչուհիին ձայնով եւ յաջողութիւններով, Արամ Խաչատուրեան նուիրած է նաեւ «Գարուն Երեւան» երգը: Այդ յուզիչ հանդիպումներէն շատ տարիներ անց, 1988 թուականի երկրաշարժէն յետոյ, Շարլ Ազնաւուրը Ռոզիին եւ կարգ մը այլ երգիչներու առաջարկած է ձայնագրել «Քեզի համար, Հայաստան» երգը, որ տասը շաբաթ շարունակ ֆրանսական յիսուն լաւագոյն երգերու մէջ գրաւած է առաջին հորիզոնականը:
Հայերէն երգերէ կազմուած իր առաջին ալպոմը՝ «Yerevan»ը, երգչուհին թողարկած է 1972 թուականին: 1979 թուականին համերգներով ելոյթներ ունեցած է Միշէլ Լեկրանի հետ, ձայնագրած է «Windmills of my heart» հանրայայտ երգը: Իր երաժշտական գործունէութեան ողջ ընթացքին երգչուհին ձայնագրած է քառասունհինգ ալպոմ:
1968 թուականին Ռոզի Արմէն տեղափոխուած է Սպանիա, ուր ապրած է տասնհինգ տարի: Տակաւին մանուկ հասակէն երգչուհին կը պաշտէր Սպանիան: Երբ առաջին անգամ զայն որպէս երգչուհի հրաւիրած են Սպանիա, ատկէ անմիջապէս յետոյ շատ կարեւոր պայմանագիր մը ստորագրուած է։ Երգչուհիին առաջարկած են համերգային շրջագայութիւններ կատարել Սպանիոյ եւ սպանախօս բոլոր երկիրներու մէջ։ «Կը կարծեմ՝ այդ մէկը շատ կարեւոր փուլ մըն էր իմ գործունէութեան մէջ: Այդ շրջանին էր, որ բախտը ունեցայ հանդիպելու Խուլիօ Իկլեսիասին, որ սպաներէնի իմ առաջին ուսուցիչն էր: Մատրիտի հայկական փոքրիկ համայնքը ինծի համար մեծ ընտանիք էր», սպանական տարիներու մասին յիշած է երգչուհին:
Իր սիրած գործին եւ համաշխարհային փառքին զուգահեռ, երգչուհին ապրած է նաեւ ամուսնական կեանքի երջանկութիւնը, ամուսնանալով եւ ունենալով երկու որդի՝ Արմէն ու Ռաֆֆի: Մեծ զաւակը՝ Արմէն Պետրոսեան, ընթացած է իր մօրը ճանապարհով, երաժշտահան է եւ առաւել ծանօթ է շարժապատկերներու համար գրած երաժշտութեամբ: Իսկ կրտսեր զաւակը ընտրած է իր հօրը ուղին եւ կը զբաղի գործարարութեամբ:
Ռաֆֆին ու Արմէնը հայեցի դաստիարակութիւն ստանալով՝ յաճախ կ՚այցելեն Հայաստան:
Իր համերգային փառաւոր անցեալի մասին Ռոզի Արմէն տարիներ յետոյ արտայայտուած է հետեւեալ ձեւով.
«Իւրաքանչիւր բեմի վրայ հանդէս գալով՝ ես իմ մէջս երկու զգացողութիւն կրած եմ։ Ես Ֆրանսան կը ներկայացնեմ որպէս հայ երգչուհի: Ես իմ երկրի քաղաքացին եմ, բայց դուստրն եմ ժողովուրդի մը, որ աշխարհի բոլոր կողմերը իր ներկայացուցիչները ունի: Հպարտ եղած եմ միշտ, որ երկու երկիր ու երկու հայրենիք ներկայացուցած եմ: Անբացատրելի ու մեծ հպարտութիւն է այդ մէկը»:
Հայաստանի Պատուոյ շքանշանը ան ստացած է 2015 թուականին: Թերեւս այդ մէկը դարձաւ երգչուհիի բազում շքանշաններէն ամենակարեւորը՝ իր կեանքին մէջ, որովհետեւ կը կրէ իր սիրելի հայրենիքին անունը։
ՓԱՐԻԶԸ ՍԻՐԵԼԻ Է ՄԱՅԻՍԻՆ
Ռոզի Արմէն Շարլ Ազնաւուրի «Կեանքին կառչած» գիրքի յառաջաբանին հեղինակն է: Ան Շարլ Ազնաւուրի երգերէն մէկուն մէկ տողով սկսած է իր խօսքին. Ազնաւուրը երգ մը ունի՝ «Փարիզը կը սիրեմ մայիսին»: Ռոզի Արմէն գրած է.
Այո, Շարլ, շատ ճիշդ ես, դո՛ւն ալ, ե՛ս ալ Փարիզը կը սիրենք մայիսին, որովհետեւ դուն մայիս 22-ին ծնած ես, ես՝ մայիս 1-ին, երկուքս ալ՝ Փարիզ:
Կը յիշեմ, որ օր մը հայրս տուն եկաւ փայլուն դէմքով, Տրեւիզ փողոցին վրայ հայրիկիդ հանդիպած էր, կարծեմ իններորդ թաղամասին մէջ է այդ փողոցը: Հայրդ ըսած էր՝ «Գիտե՞ս, Խորէն, իմ տղաս՝ Շարլը, կ՚երգէ»: Հայրս պատասխանած էր՝ «Գիտե՞ս, Միշա, իմ աղջիկս՝ Ռոզը, նոյնպէս կ՚երգէ»: Մեր հայրերը ուրախ էին, որ տարիներ անց նորէն կը հանդիպէին, կը յիշէին իրենց թիֆլիզեան կեանքը, մանկութիւնը, դպրոցը:
Դուն, անշուշտ, ինձմէ կանուխ սկսած էիր երգել: 1961 թուականին, երբ ես իմ առաջին քայլերս կը կատարէի, դուն արդէն յայտնի երգիչ էիր: Մեր ճամբաները յաճախ խաչաձեւուած են, բայց երբեք իսկական հանդիպում չենք ունեցած, քանի որ դուն, ինչպէս եւ՝ ես, գործերու մէջ խրած էինք՝ հիւրախաղեր, հազարումէկ պարտականութիւն: Կը հիանամ գրած երգերովդ, որոնք կեանքի, իրական կեանքի մասին կը պատմեն: Այնքան խորիմաստ են այդ հայկական ոգիով եւ լաւ ֆրանսերէնով գրուած երգերը:
Կը յիշեմ նաեւ, որ անգամ մը ընտանիքով եկած էինք Փարիզի Էլհամպրա համերգասրահը՝ քու համերգիդ: Ի՜նչ մեծ երջանկութիւն էր բեմին վրայ քեզ տեսնելը, երիտասարդ հայուն յաղթանակը տեսնելը ֆրանսական հողին վրայ: Այդ համերգէն ետք այլեւս կասկած չունէի, որ որպէս երգչուհի պիտի շարունակէի ընթացքս: Շիտակը՝ մինչ այդ ալ կը զգայի, որ երգն է իմ մասնագիտութիւնս, բայց նոյն այդ օրը վերջնականապէս համոզուեցայ…:
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս