image
Հրատապ լուրեր:

«Աշակերտիլ Յիսուս Քրիստոսի».Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան

«Աշակերտիլ Յիսուս Քրիստոսի».Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան

Տէրունական աղօթքը մեզի կը սորվեցնէ՝ «Սուրբ թող ըլլայ Անունդ» եւ «Արքայութիւնդ թող գայ»: Եթէ ապրինք եւ գործենք մեր աղօթածը, այն ժամանակ Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտները կը դառնանք:

 

Ս. Մարկոս իր աւետարանին 10րդ գլխուն մէջ կը պատմէ դէպք մը, որ պատահեցաւ հարուստ մարդու մը եւ Յիսուսի միջեւ: (Մրկ. 10:17-23)

Հրէաստանի սահմաններու կողմերը շրջագայած ժամանակ, մարդ(կամ իշխան մը) մը կը մօտենայ եւ Յիսուսի կը հարցնէ՝ «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։

Յիսուս կը պատասխանէ՝«Պատուիրանները գիտես. շնութիւն մի՛ ըներ, սպանութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, զրկանք մի՛ ըներ, քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։

Մարդը ամենայն վստահութեամբ կը պատասխանէ՝«Վա՛րդապետ, ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»:

Մինչեւ այս կէտը ամէն ինչ բնական կը թուի: Մարդը իր մանկութենէն ամէն պատուիրանները կը պահէր: Հաւանաբար ան Յիսուսի մօտեցած էր գնահատանք եւ գովեստ ստանալու համար: Սակայն Յիսուսի վերջին խնդրանքը ամբողջովին շշմեցուց զինք:

«Մէկ բան պակաս է քեզի. գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ խաչը վերցուր ու եկուր իմ ետեւէս»։ Անսպասելի այս պատասխանը մարդը տրտմած հեռացուց Յիսուսէն:

Որպէսզի աւելի լաւ հասկնանք Յիսուսի դիտաւորութիւնը, եկէք պահ մը մեր օրերուն բերենք պատահարը: Երեւակայեցէք երիտասարդ մը կը մօտենայ իր վարդապետին եւ կը հարցնէ՝ Վարդապետ, ի՞նչ պէտք է ընեմ որպէսզի բարի քրիստոնեայ ըլլամ:

Վարդապետը այս անկեղծ հարցումին կը պատասխանէ՝Եկեղեցի յաճախէ. վարդարան աղօթէ եւ բարիք ըրէ:

Շատ մը քրիստոնեաներ կը բաւարարուին այս պատասխանով: Սակայն վերեւ յիշուած Յիսուսի պատասխանը կը յուշէ մեզի, թէ աւելին կայ լաւ քրիստոնեայ ըլլալու համար: Այսինքն՝աշակերտ ըլլալ Յիսուսի: Ուրիշ խօսքով՝ մեր սրտերը անջատել աշխարհիկ ինչքերու կապուածութենէ, ընդունիլ Սրբութեան առաջնորդող խաչը եւ Աստուծոյ փառքին եւ Արքայութեան տարածման համար գործել:

Ներկայ ժամանակներու մարդկութեան տխրութեան մեծագոյն աղբիւրը աշխարհի ինչքերու կապուածութիւնն է: Հարուստն ու աղքատը բոլորն ալ իրենց կարողութենէն շատ աւելին կ'ապրէին: Երբ այդ մէկը խաթարուեցաւ, անբուժելի տխրութիւն մը եկաւ մարդկութեան վրայ: Եւ այս բացայայտեց, որ քրիստոնեաներ ոչ թէ Աստուծոյ Արքայութեան համար կ'ապրէին, այլ իրենց անձնական հանգիստը ապահովելու համար:

Տէրունական աղօթքը մեզի կը սորվեցնէ՝ «Սուրբ թող ըլլայ Անունդ» եւ «Արքայութիւնդ թող գայ»: Եթէ ապրինք եւ գործենք մեր աղօթածը, այն ժամանակ Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտները կը դառնանք:

 

Նիւթը «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն