Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան շարունակելով իր ստանձնած էքիւմիւնիք առաքելութիւնը օրերս կարեւոր այցելութիւն մը տուած է Ասորի Ողղափառ համայնքի պետ՝՝ Մոր Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքին։
Այցին մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ համացանցէն։
Ստորեւ ատոր մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Երեքշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան Ասորի Ուղղափառ համայնքի Պետ Մոր Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարք ընդունեց Դամասկոսի հայ կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանին։
Առաջնորդ Գերապայծառին կ՚ընկերակցէր անոր Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Պահէն։
Հանդիպման ներկայ եղան Նորին Սրբութեան հոգեւորական օգնականները՝ Նորին Սրբազնութիւնները Պատրիարքական ՝ փոխանորդ՝ Մար Յովսէփ Պալի, երիտասարդութեան եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան հարցերու գծով պատասխանատու՝, Մար Անդրէաս Պահի, եւ պատրիարքութեան քարտուղար՝ Մար Օքին Խուրի Նէամաթ,
Հանդիպման ընթացքին, Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարք եւ Գերյ. Հ. Գէորգ. Եպս. Ասատուրեանը քննարկեցին եկեղեցական զանազան հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Սուրիոյ մէջ ներկայիս տիրող ընդհանուր իրավիճակին։