Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, շարունակելով սահմանային իրադրութեան վերաբերեալ ապատեղեկատուութիւն տարածելու գործելաոճը, հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ կը նշէ, թէ իբր Մայիս 11-ի երեկոյեան ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ: Նշուած տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեաը:
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: