Հայաստանը Ատրպէյճանէն առաջարկներ ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ։ Երեւանն ու Պաքուն պիտի սկսին բանակցային գործընթացի երրորդ փուլը։ Այս մասին խորհրդարանէն ներս յայտնած է Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտուարտ Աղաջանեանը։
«Այո, իսկապէս, հայկական կողմը ստացել է Ատրպէյճանի առաջարկները, որոնք, ըստ էութեան, պատասխան են հայկական կողմի առաջարկներին։ Կարելի է ասել, որ քննարկւում է առաջարկների երրորդ փուլը։ Կարծում եմ` սխալ է փաստաթուղթ անուանելը այս պահին։ Այլ մանրամասներ չեմ կարող ներկայացնել», -ըսած է Աղաջանեան`աւելցնելով, որ քանի որ մանրամասները եւ քննարկումները հրապարակման ենթակայ չեն, չի կրնայ հրապարակայնացնել զանոնք։
Աղաջանեան նաեւ յայտնած է, որ չի բացառուիր` մինչեւ տարեվերջ կրնայ կայանալ Փաշինեան–Ալիեւ կամ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում։
Ազգային Ժողովէն ներս ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամներու ասուլիսի ժամանակ Աղաջանեան նաեւ ըսած է, որ Ատրպէյճանէն չեն յայտարարած, որ Հայաստանի կողմէ երկրորդ անգամ եղած առաջարկները խաղաղութեան պայմանագրի մասին, ընդունելի չեն։
«Առաջարկը, որը ստացել ենք մենք, հնարաւոր փաստաթղթի մշակման գործնական ընթացք է։ Այսինքն` ի սկզբանէ ատրպէյճանական կողմից մենք առաջարկներ էինք ստացել, ինչին ի պատասխան նոյն առաջարկների շուրջ մեր լրացուած տարբերակն ենք ուղարկել` մեր առաջարկները։ Վերջին շրջանում որեւէ նման յայտարարութիւն, որ չեն ընդունում մեր առաջարկները, չի եղել»,–ըսած է Աղաջանեանը
Ինչ կը վերաբերի ատրպէյճանական կողմէ խաղաղութեան բանակցութիւններու երրորդ փաթեթին կողմ կամ դէմ ըլլալուն, ապա Աղաջանեան նշած է` քանի դեժ բնագիրը աշխատանքային փուլի մէջ է, որեւէ դիրքորոշում` այն ընդունելի է, թէ ոչ, վաղ է ըսել։ Ան միայն յիշեցուցած, որ խօսքը նոյն փաստաթղթային հիմքի շուրջ աշխատանքներու մասին է։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք կայացած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանը պատրաստած եւ Հայաստանին ներկայացուցած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը, եւ հանրապետութիւններու միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը կրնայ տեղի ունենալ մինչեւ 2022 թուականի վերջը։