image
Հրատապ լուրեր:

Հայկական անձագիրը 74-րդ դիրքի վրայ

Հայկական անձագիրը 74-րդ դիրքի վրայ

Հայաստանի անձնագիրը աշխարհի ամենագրաւիչ անձնագրերու ցանկին մէջ զբաղցուցած է 74-րդ տեղը։ Այս մասին փաստած են Henley & Partners ընկերութեան տուեալները, որ ներկայացուցած է 2024 թուականի առաջին կիսամեակի համաշխարհային անձնագրերու ցուցակի արդիւնքերը, որոնք հիմնուած են Օդային փոխադրութեան միջազգային միութեան (IATA) տուեալներու վրայ։

Ընկերութեան հետազօտութիւններու 19 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ 6 երկիր զբաղցուցած է առաջին տեղը՝ առանց վիզայի ճանապարհորդութեան հնարաւորութիւններու մրցանշային քանակութեամբ։ Անոնցմէ չորսը Եւրոպական Միութեան երկիրներ են՝ Գերմանիա, Իտալիա, Սպանիա եւ Ֆրանսա, երկուքը՝ ասիական երկիրներ՝ Սինկափուր եւ Ճափոն։ Այս երկիրներու անձնագրեր կրողները առանց վիզայի կրնան ճամբորդել աշխարհի 227 ուղղութիւններէն 194-ով։

Հարաւային Քորէան, Ֆինլանտան եւ Շուէտը զբաղցուցած են երկրոդ տեղը (193-ական առանց վիզայի ուղղութիւններ), իսկ 192-ական ուղղութիւններով Աւստրիան, Դանիան, Իրլանտան եւ Հոլանտան կիսած են երրորդ տեղը։ Մեծ Բրիտանիան զբաղցուցած է 4-րդ (191), իսկ Միացեալ Նահանգները (187) եօթերորդ հորիզոնականը ։

Ռուսիան նահանջած է 51-րդ հորիզոնական։ Ռուսիոյ Դաշնութեան անձնագիրը կ՚ապահովէ առանց վիզայի մուտք աշխարհի 119 երկիր։

Թուրքիան այս վարկանիշին մէջ զբաղցուցած է 52-րդ տեղը, Ատրպէյճանը՝ 70։

Աւելի վաղ Arton Capital-ը հրապարակած էր 2024 թուականի համար անձնագրերու սեփական վարկանիշը, որու համաձայն հայկական անձնագիրը զբաղցուցած էր 61-րդ տեղը։