image

Հայկ Մարութեան պատրաստ է հանդիպելու Բագրատ սրբազանի հետ

Հայկ Մարութեան պատրաստ է հանդիպելու Բագրատ սրբազանի հետ

Երեւանի նախկին քաղաքապետ, «Նոր ուժ» կուսակցութեան նախագահ Հայկ Մարութեանը պատրաստ է յարմար առիթի պարագային հանդիպելու «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանի հետ։ Ան գրառում ըրած է ֆէյսպուքեան իր էջին։

Աւելի վաղ Բագրատ սրբազանը Հայկ Մարութեանին առաջարկած է հանդիպիլ ու խօսած «սեւ ու սպիտակի» մասին, որու ձեւակերպումը 2018-ին տուած էր Մարութեանը։

«Շնորհակալ եմ հրաւէրի համար եւ սիրով պատրաստ եմ յարմար առիթի դէպքում հանդիպել Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցու թեմակալ առաջնորդի եւ սիրուած հոգեւորականներից մէկի հետ՝ իմ յարգանաց հաւաստիքը նրան անձամբ փոխանցելու եւ, ինչու ոչ, զրուցելու «չարի ու բարու, ստի եւ ճշմարտութեան» (ինչպէս սրբազանն է ասում) կամ «սեւ ու սպիտակ ուժերի» (ինչպէս ես եմ ասում) մշտարդիական պայքարի մասին»,– գրած է Մարութեանը։

Ինչ կը վերաբերի Բագրատ սրբազանի գլխաւորած քաղաքական պայքարին, ապա «Նոր ուժ» կուսակցութեան նախագահը նշած է, որ գաղափարական խոր անհամաձայնութիւն ունի շարժման կողքին կանգնած հիմնական քաղաքական ուժերու ու հարթակէն հնչած շարք մը թեզերու հետ, սակայն դրական կը գնահատէ իւրաքանչիւր դեմոկրատական խաղաղ գործընթաց։

Ան ընդգծած է`փաստ է, որ մայիս 9-ին կայացած հանրահաւաքը ամենաբազմամարդն էր 2018-ի  շարժումէն յետոյ եւ մէկ անգամ եւս ապացուցեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը կորսնցուցած է հանրութեան վստահութիւնը։