image

Հայերէնը կը զուարճանայ (181)

Հայերէնը կը զուարճանայ (181)

1. Կարդանք հետեւեալը («Ազդակ», 21/6/2024, էջ 1).

ա. Մոսկուան կ’ակնկալէ Կապանի մէջ  հիւպատոսութիւն բանալ:

բ. Հրաման տրուած է Հայաստանի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու վերաբերեալ:

*   *   *

Ինչպէս նկատելի է, առաջին հատուածին մէջ կ’ակնկալուի միայն, որ  Կապանի մէջ բացուի ռուսական հիւպատոսարան մը, իսկ ակնկալութեան մը իրագործումը, այս պարագային, մեծ մասամբ, եթէ ոչ ամբողջովին կախեալ է հիւրընկալ Հայաստանի կառավարութեան կամքէն, բարեհաճութենէն կամ թոյլտւութենէն. սա Հայաստանի կամ որեւէ այլ հիւրընկալ պետութեան բացարձակ  իրաւունքն է, իր սեփական պետութեան ծիրէն ներս ինքնիշխան ըլլալու առհաւատչեան:

Բոլորովին ուրիշ բան կ’ըսէ  շարունակութիւնը՝ բ. հատուածը:

Այստեղ կ’ակնարկուի հիւպատոսարան բանալու հրամանի մը, որ կու գայ չէզոքացնելու ինքնիշխանութեան ամէն համարում ու յաւակնութիւն հիւրընկալ երկրին կողմէ, որ մեր մինուճար  Հայաստանն է. ուրեմն  այստեղ հիւպատոսարան բանալու իրողութիւնը կախեալ է  այդ հիւպատոսարանը բանալ ուզող օտար պետութեան կամքէն միայն՝ հրամանէն:

Ինչպէ՞ս  կը բացատրուի նման հակասութիւն  մը... 

Պէտք է հարցնել «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին՝ այն  միակի՛ն, որ կրնայ աչօք բացօք եւ օր ցերեկով նման անհամատեղելի ու անհեթեթ լուրեր  տալ:

Ծանօթութիւն.—  Մեր փնտռտուքները երեւան հանեցին, որ այս լուրը տուող աղբիւրը բ. հատուածին մէջ հրաման  եզրը չէ գործածած. այնտեղ պարզապէս ակնարկուած է  ինչ-որ  կարգադրութիւններու, որ Մոսկուայի իշխանութիւնները թելադրած են  առ որ անկ է՝ ի նախատեսութիւն եւ ի նախապատրաստութիւն  Կապանի մէջ բացուելիք հիւպատոսարանի մը:  Եւ կարգադրութիւն-ը, ենթագիտակցական ի՛նչ մթին թելադրանքով մը, քաղաքական էջիս կողմէ վերածուած է հրաման-ի:

Վերջացնելու համար յիշենք լեզուական վերջին, սակայն ոչ նսեմագոյն (last but not least) ախտագին երեւոյթ մըն ալ, որ է վերաբերեալ կոչեցեալ ապուշ աւելորդաբանութիւնը, որ կ’ողողէ  յիշեալ էջը եւ անկէ յորդելով՝ կը հեղեղէ  ողջ սփիւռքահայ մամուլը:

--Հրաման տրուած է Հայաստանի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու վերաբերեալ...

--Հրաման տրուած է Հայաստանի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու...

Երկրորդը  յստակ, ինքնաբաւ, ամբողջական  նախադասութիւն մըն է, որ  կարիքը չունի վերաբերեալ անունով պոչի մը: 

Խնայեցէ՜ք այս լեզուին...

  1. Այլ առակ լուարուք.

--Մոսկուա կ’ակնկալէ, որ Երեւանի մէջ  պիտի հասկնան...(անդ):

--Մենք կ’ակնկալենք, որ հայ գործընկերները պիտի հասկնան (անդ, էջ 8):

Այս բայը՝  կ’ակնկալէ, կ’ակնկալենք, իր նշանակութեան բերումով հաշտելի ու համատեղելի չի կրնար ըլլալ ապառնի բայաձեւի հետ՝ պիտի հասկնան:  բայիմաստի եւ բայական եղանակներու  ու ժամանակմերու  միջեւ գոյութիւն ունի իմացական ներդաշնակութիւն մը, որմէ չենք կրնար հրաժարիլ, այլապէս  կը ծեծենք  անբանութեան  դռները: 

Արդարեւ, ակնկալել բայը իր նշանակութեան  թելադրանքով կը պահանջէ ըղձական եղանակի խնդիր, այսինքն՝ «կ’ակնկալէ, որ հասկնան»: Այնպէս ալ՝ «կ’ակնկալէ, որ հասկնանք»: Հասկնան եւ հասկնանք՝ ասոնք ըղձական եղանակի բայաձեւեր են եւ այս նախադասութեանց մէջ ուղիղ խնդիրներն են կ’ակնկալէ բային: 

Հասկնամ-կասկնաս-հասկնայ...   հասկնանք-հասկնաք-հասկնան:                            

Այսպէս կը բանին նաեւ  աշխարհի բոլոր լեզուները, վասնզի այսպէս կը մտածեն աշխարհի բոլոր ժողովուրդները:

Ինչո՞վ կը բնորոշուի ակնկալել բայը:

Ան կը բնորոշուի իր նշանակութեամբ, որ կ’արտայայտէ  ակնկալութիւն մը, իղձ մը, խնդրանք մը, փափաք մը, մաղթանք մը, առաջարկ մը,  իսկ ասոնք այնպիսի հասկացութիւններ են, որոնց իրացումը, իրագործումը կախեալ չէ ենթակային, այսինքն՝ խօսողին կամքէն, այլ կախեալ է խօսակիցին կամ երրորդ անձի մը կամքէն:

--Կ’առաջարկեմ, որ թատրոն երթանք

Թատրոն երթը կախեալ է խօսակիցիս կամքէն. կ’ընդունի կամ կը մերժէ:

--Կը փափաքինք, որ սեղանակից ըլլաք մեզի:

Սեղանակցութիւնը կախեալ է անոնց կամքէն. կ’ընդունին կամ կը մերժեն:

                                                                              *   *   *

Ըղձական եղանակի խնդիր բայաձեւ կը պահանջեն՝  ակնկալել, աղերսել, առաջարկել,   դրդել, ըղձալ, թախանձել, թելադրել, խնդրել, կամիլ-կամենալ, հանդուրժել, հարկադրել, հրամայել, հրաւիրել, հայցել, ձգտիլ, մաղթել, մղել, յորդորել, նախատեսել, ուզել, պահանջել,  պարտադրել,  պարտաւորել, ստիպել,  տենչալ, ցանկալ, փափաքիլ եւ այլն: 

Ասոնք հաւաքաբար կարելի է կամային բայեր կոչել.  վասնզի բոլորն ալ այսպէս կամ այնպէս կ’արտայայտեն ենթակայի մէկ կամքը, որ ի կատար պիտի ածուի, գործադրուի, իրականանայ ուրիշի մը կողմէ՝  ըղձական եղանակի բայաձեւով մը:

Թերեւս մտածողներ ըլլան, թէ այս բոլորը ինչպէ՞ս պիտի սորվինք ու իւրացնենք, որպէսզի ճիշդ կիրարկենք հայերէնը:

Ասոնք սորվուելու եւ  իւրացուելու համար չեն. բանական էակը ներքին ինչ-որ լեզուական զգայարանի մը թելադրանքով ինքնաբերաբար ճիշդ կը կիրրակէ ասոնք, իսկ եթէ այդ բնական լեզուազգացողութեան վրայ աւելնայ  նաեւ գիտակից ճիգը՝ քիչ մը ուշադիր ըլլալու եւ սորվելու ազնիւ տրամադրութիւնը,—   ապա սխալելու հաւանականութիւնը հետզհետէ կը նուազի ու օր մըն ալ կը չքանայ:

Այդ ազնիւ ճիգն է, որ... դժբախտաբար կը պակսի այստեղ:

Այս բնաբանին մասին գոնէ տասը անգամ գրած եմ՝ ծանօթ արդիւնքով:

3.Եւ...

***Որեւէ կողմի կողմնակից չենք...(անդ, էջ 1):

---Որեւէ կողմի չենք յարիր:

***Ան ներկայացուց պատերազմը ներկայացնող օրինակներ (անդ, էջ 2):

---Ան ցուցադրեց պատերազմը     ներկայացնող օրինակներ:

4. Այլեւ...

--Կազմակերպութեան անդամներուն ապօրինի կը ձերբակալեն... (20/6/2024, էջ 8):

--Իբրեւ թէ մարդոց նիւթական առումով շահագրգռելու համար... (անդ):

Երկու ուղիղ խնդիր՝ անդամներուն, մարդոց, երկուքն ալ տրական հոլով:

Փոխանակ հայցականի՝ 

   --Կազմակերպութեան անդամները ապօրինի կը ձերբակալեն... 

--Իբրեւ թէ մարդիկը  նիւթական առումով շահագրգռելու համար:

Կամ՝ աւելի կոկիկ հայերէնով.

--Իբրեւ թէ զանոնք  նիւթապէս շահագրգռելու համար:

 

 

Մրցոյթ 178.

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

---Ճումպլաթ մաղթեց, որ Լիբանան  պատերազմի մէջ չներքաշուի:

---Տեսերիզը կը ցուցադրէ անօդաչու  սարքի մը (կատարած) նկարահանումը

***Ո՞ր բառը փոխարինումի կը կարօտի:

---Անոնք դատարկեցին շէնքը՝ աւելի մեծ աղէտ մը կանխելու համար:

***Ջնջէ՛ աւելորդաբանութիւնները.

---Դիտակէտ մը փակած են Արցախի՝ Ասկերանի շրջանի մէջ:

---Հիմնադրամը մասնակցութիւն ունեցած է  Հայաստանի բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (9), Քերոբ Էքիզեան (7), Վահէ Աբէլեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (2), Վարդի Դանիէլեան (7), Համբարձում Յարթունեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (6),  Պերճ Տէր Սահակեան (6):

Մրցոյթ 179.

***Ո՞ր բառը պիտի նախընտրէիր փոխուած տեսնել.

---Դիմադրութեան  գործողութիւնները պիտի շարունակուին աւելի մեծ ազդեցութեամբ:

***Սրբագրէ՛ սպրդած սխալը:

---Իր քրիստոնէական դաստիարակութիւնը  զինք առաջնորդած է Հայ եկեղեցի, եւ մաս կազմած  անոր դպրաց դասին: 

***Թօթափէ՛ կրկնաբանութիւնները:

---Քննարկուած է  թրքական գործունէութիւնը... կազմակերպութեան  մէջ՝ դէտի կարգավիճակին մէջ:

---Անիկա քու փրկիչդ է: Անիկա քու փրկութիւնդ է: Անիկա քու առաջնորդդ է: Անիկա քու սկիզբդ ու վերջդ է:

---Լիբանան կը դիմագրաւէ վտանգաւոր մարտահրաւէրներ, որոնք կը վտանգեն անոր ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:



Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com