Հայաստանը յոյս ունի յառաջիկայ 1 ամսուան ընթացքին ստորագրել Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցուած դրոյթները։ Այս մասին Reuters գործակալութեան հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը:
Հայաստանի նախագահը պարզաբանելով ըսած է, որ խօսքը 16 յօդուածներու մասին է, որ պաշտօնական Երեւանը յոյս ունի, որ կը ստորագրուի մինչեւ նոյեմբեր 11-22-ը Պաքուի մէջ կայանալիք Կլիմայի փոփոխութեան մասին COP–29 գագաթնաժողովը։
«Եթէ գործը միայն մեր ձեռքում լինէր, ապա մենք կը ստորագրէինք այն հէնց հիմա, այսօր», -ըսած է ան։
Խաչատուրեանը նշած է, որ պայմանագրի մի քանի յօդուածներ դեռ բանակցութիւններու փուլի մէջ են:
Հայաստանի նախագահը նշած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի մերձաւոր դաշնակից Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները լաւ կ՚ընթանան եւ կը դիտարկուի երկու երկիրներու միջեւ սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցող անձանց համար բանալու հարցը:
«Դա ազդանշան կը լինի, որ իրական դիւանագիտական յարաբերութիւններն իրականութիւն են դարձել», -ըսած է ան։