Հայաստանը Իրանին յանձնած է Սիւնիքի մարզի մէջ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած սահմանախախտը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը` պատասխանելով «Sputnik Արմենիա»ի գրաւոր հարցման։
«Մարտի 22-ին ՀՀ Սիւնիքի մարզում տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան սահմանապահ զօրքերի ստորաբաժանումների կողմից «Մեղրի» սահմանապահ ուղեկալի պահպանուող տարածքում անյայտ անձը, անօրինական սահմանահատմամբ, Իրանից դէպի Հայաստան Արաքս գետն անցնելով, մօտեցել է փշալարային ցանցին եւ յաղթահարել այն»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան` փշալարային ցանցի ազդանշանային համակարգի գործարկման հետեւանքով սահմանախախտը ձերբակալուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան սահմանապահներու կողմէ եւ տեղափոխուած «Մեղրի»ի սահմանապահ ուղեկալ։
Համաձայն գործող կանոնակարգի` օտարերկրացին «Մեղրի» սահմանապահ ջոկատի ծառայողներու կողմէ «Ագարակ» սահմանային անցման կէտով յանձնուած է իրանեան կողմին։
«Sputnik Արմենիա»ի տեղեկութիւններով`խօսքը Աֆղանստանի քաղաքացիի մասին է։
Յիշեցնենք` միջպետական համաձայնագրի շրջածիրէն ներս Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ վարչութիւնը կը զբաղի Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի պետական սահմանի պաշտպանութեամբ։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ հետ սահմանին 4 սահմանախախտ ձերբակալուած էր։