image

Հայաստանը բազմակողմ համակարգի կարեւոր աջակից է. Կութերեշ

Հայաստանը բազմակողմ համակարգի կարեւոր աջակից է. Կութերեշ

ՄԱԿ-ին ՀՀ անդամակցութեան 30-ամեակին առթիւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ ուղերձ յղել, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Պատիւ ունիմ շնորհաւորելու Հայաստանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդի` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ձեր անդամակցութեան երեսունամեակին առիթով:

1992 թուականի Մարտ 2-ը յատուկ իրադարձութիւն է մեր կազմակերպութեան համար: Ներկայիս Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն մօտ 5 տոկոսը այս օրը անդամակցած է:

Հայաստանը բազմակողմ համակարգի կարեւոր աջակից է, որ յառաջ կը մղէ Կայուն զարգացման նպատակները եւ կը դիմակայէ համաշխարհային մարտահրաւէրները:

Համերաշխութեամբ, նպատակներու միասնութեամբ եւ երկխօսութեան, փոխզիջման ու հաշտեցման նորացուած ոգիով մենք կրնանք դիմակայել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ իրականացնել մեր` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կարեւոր ձգտումը` ուղղուած բոլորին համար խաղաղութեան, բարգաւաճման ու մարդու իրաւունքներուն»: