image

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը աւելին պէտք է ընեն` յաղթահարելու անցեալի եւ հակամարտութեան ժառանգութիւնը. Քլաար

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը աւելին պէտք է ընեն` յաղթահարելու անցեալի եւ հակամարտութեան ժառանգութիւնը. Քլաար

Եւրոմիութիւնը կ'ողջունէ Հայաստանի վարչապետին վերջին յայտարարութիւնները՝ տարածաշրջանի ապագային շուրջ անոր տեսլականին, դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հակամարտութեան մասին:

Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, հեռանկարային որակելով վերջին ասուլիսին Նիկոլ Փաշինեանի դիրքորոշումները, միեւնոյն ժամանակ կ'ընդգծէ, որ կողմերը շատ աւելին պէտք է ընեն` յաղթահարելու անցեալի եւ հակամարտութեան ժառանգութիւնը:

«Սա իսկապէս երկար, բայց անշուշտ վճռորոշ գործընթաց է, որ պէտք է ներգրաւէ երկու կողմերու հասարակութիւնները: Ինչպէս բազմիցս ըսուած է, Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամ է կատարելու իր դերը եւ պատրաստ է մեր գործընկերներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ միասին նպաստելու այդ ջանքերուն: Մեր աշխատանքին կարեւոր երեւոյթներէն մէկն է ապահովել դրական միջավայրի ստեղծումը, որ պիտի նպաստէ տարբեր բանակցութիւններու յառաջընթացին, ընդ որում` կոչ ընելով կողմերուն՝ մեղմացնելու իրենց հռետորաբանութիւնը», գրած է եւրոպացի դիւանագէտը:

Քլաարը, որ անցեալ շաբաթ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ այցելած էր նախ Պաքու, ապա՝ Երեւան, նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ քննարկած է տարբեր ուղղութիւններով Եւրոմիութեան հետագայ ներգրաւուածութեան առնչուող հարցեր. «Անցեալ շաբաթ մեր քննարկումները դրական էին, եւ մենք անհամբեր կը սպասենք կողմերուն հետ մեր ներգրաւուածութիւնը շարունակելու` օգնելու անոնց կառուցելու անվտանգ, կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկաս»: