image

Հայաստանին նոր վարկ. Գումարը 26,5 միլիոն եւրօ է

Հայաստանին նոր վարկ. Գումարը 26,5  միլիոն  եւրօ է

Համաշխարհային դրամատան Գործադիր տնօրէններու խորհուրդը այսօր 26,5 միլիոն եւրոյի վարկ հաստատած է Հայաստանի «պետական հատուածի արդիականացման չորրորդ ծրագրի»ն (ՊՀԱԾ IV) համար: Ծրագիրը Հայաստանի պետական հատուածի արդիականացման ծրագրերու շարքին չորրորդն է եւ կառավարութեանը պիտի օգնէ տնտեսվարողներու եւ քաղաքացիներու համար ընտրուած պետական ծառայութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ հասանելիութեան բարելաւման հարցով:

ՀՀ կառավարութիւնը թուային տնտեսութիւնը, որպէս տնտեսական աճի եւ կառավարման արհեստագիտութիւններու առանցքային յենասիւն, առաջնահերթութիւն կը համարում: Ծրագրով կը կարեւորուի համակառավարական մօտեցման անհրաժեշտութիւնը թուային վերափոխման համար` խթանելու պարզ, արդիւնաւէտ եւ թափանցիկ կառավարման համակարգերն ու պետական ծառայութիւնները: 2021-2025 թթ թուայնացման ռազմավարութեամբ հիմք կը դրուին սոյն մօտեցման մշակման եւ իրականացման համար:

Համաշխարհային դրամատունը 26,5 միլիոն եւրօ (29,9 միլիոն տոլարին համարժէք) գումարով վարկը պիտի տրամադրէ 14․5 տարուայ արտօնեալ ժամկէտով եւ 25 տարուայ մարման ընդհանուր ժամկէտով: Կառավարութեան մասնակցութիւնը 5․3 միլիոն եւրօ է (6 միլիոն տոլարին համարժէք):