image

Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում կը բերէ լուրջ հետեւանքներու. ԱՄՆ Արտաքին գործոց

Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում կը բերէ լուրջ հետեւանքներու. ԱՄՆ Արտաքին գործոց

Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում կը յանգեցնէ լուրջ հետեւանքներու։ Պատասխանելով «Ամերիկայի ձայն»ի հարցման` յայտնած են Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութենէն։

«Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն կ՚աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք ընդգծած ենք, որ այդ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում կը յանգեցնէ լուրջ հետեւանքներու։ Մենք պարբերաբար կը շեշտենք մեր ակնկալիքները, ինչպիսին է ուժի կիրառման դէմ յորդորը, եւ շարունակաբար կը հետեւինք իրավիճակին։ Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու մտերիմ գործընկերն է ու բարեկամը, եւ մենք կ՚ակնկալենք աշխատիլ Հայաստանի իշխանութիւններու հետ՝ ամրապնդելու համար Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական անվտանգութիւնը»,- նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ։

Նշենք, որ Հոկտեմբեր 31-ին Լեմքինի Ցեղասպանութեան կանխարգելման հիմնարկը խոր մտահոգութիւն յայտնած էր յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան ներխուժելու հաւանականութեան մասին: