Ատրպէյճանական կողմի հրաձգութեան հետեւանքները հիմնական առկայ են գործարանի տարածքին մէջ։ Այս մասին Երասխ համայնքին մէջ լրագրողներու եւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանատուներու ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան բանակային կորպուսի հրամանատար գնդապետ Սասուն Բադասեանը:
Անոր խօսքով՝ հակառակորդը մշտապէս կը խախտէ հրադադարի ռեժիմը, իրենք ալ կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնն իրականացնել պետական սահմանի պահպանման գործով։
Այդ ընթացքին Պաշտպանութեան նախարարութեան բանակային կորպուսի հրամանատարը Երասխ այցելած Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանատուներու ներկայացուցիչներուն ներկայացուցած է սահմանային իրավիճակը։
Դեսպանատներու ներկայացուցիչները ուզած են տեղեկանալ, թէ ուր է սահմանը։ Օտարերկրեայ դիւանագէտները հրամանատարէն նաեւ հետաքրքրուած են, թէ այնտեղէն ատրպէյճանցիները ինչպէս կրակած են: Սասուն Բադասեանը պատասխանած է, որ իրենք հիմա կը գտնուին սահմանէն 400 մեթր հեռաւորութեան վրայ։
«Այստեղից 10 մետր ձախ գնանք կը տեսնենք դիրքերը։ Այստեղ են վիրաւորուել երկու աշխատակիցները, որոնք Հնդկաստանի քաղաքացիներ են: Նրանք զինուորական ծառայութեան մէջ ընդգրկուած չեն, իրենք աշխատում են այս գործարանում»,- նշած է գնդապետը։