image

Հայաստանի մէջ արտագաղթի մթնոլորտ չկայ

Հայաստանի  մէջ արտագաղթի մթնոլորտ չկայ

 

Հայաստանի քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը  չի պատրաստուիր մեկնիլ երկրէն` ոչ մշտական բնակութեան, ոչ ալ ժամանակաւոր աշխատանքի նպատակով: Այս մասին կը վկայեն Միջազգային հանրապետական հիմնարկի Խոր վերլուծութեան կեդրոնի պատուէրով՝ Հետազօտական միջոցներու կովկասեան կեդրոններ- Հայաստան հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած հարցման տուեալները:
«Հայաստանի բնակիչներու հանրային կարծիքի ուսումնասիրութիւն» ընկերաբանական հետազօտութեան զեկոյցին համաձայն, «Հնարաւորութեան պարագային կը մեկնի՞ք այլ երկիր՝ մշտական բնակութեան» հարցին հարցուողներու 70 տոկոսը պատասխանած է բացասաբար, 5 տոկոսը՝ աւելի շատ բացասաբար, 5 տոկոսնը՝ աւելի շատ դրական եւ 17 տոկոսը՝ դրական, իսկ 3 տոկոսը դժուարացած է կամ հրաժարած է պատասխանել:

«Հնարաւորութեան պարագային կ'երթայի՞ք արտերկիր` ժամանակաւորապէս այնտեղ աշխատելու» հարցին բացասական պատասխան տուած է հարցուողներու 57 տոկոսը, 5 տոկոսը պատասխանած է՝ աւելի շատ բացասաբար, 8 տոկոսը տուած է՝ աւելի շատ դրական եւ 28 տոկոսը՝ դրական պատասխան։ Հարցին դժուարացած է կամ հրաժարած է պատասխանել հարցուածներու 2 տոկոսը:

Հետազօտութեան տուեալները հաւաքուած են 8 ապրիլի 2021-էն 4 մայիսի միջակայքը: Հարցման ընտրանքը կազմած է 1502 մարդ:

Հայաստանի 5 մարզերու՝ Արարատի, Գեղարքունիքի, Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մէջ կատարուած են 299 լրացուցիչ հարցազրոյցներ՝ մարզային առանձնայատկութիւնները ներկայացնելու համար: Հարցումը տրուած է հեռախօսային զանգերու միջոցով՝ պատահական ընտրանքով: Հետազօտութիւն իրականացնողները նշած են, որ վիճակագրական սխալի չափը չի գերազանցեր 2,5 տոկոսը:

 

 

Նիւթը՝ «Արմէնբրէս»էն