image

Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանին ներկայացուած առաջարկները 5-րդ անգամ ըլլալով կը փոխանցուին

Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանին  ներկայացուած առաջարկները 5-րդ անգամ ըլլալով կը  փոխանցուին

Հայաստանը Ատրպէյճանին 5-րդ անգամ ըլլալով կը փոխանցէ նոյն պայմանագրի վերաբերեալ հայկական կողմի առաջարկները: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը:

Ան նշած է, որ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանին փոխանցուածը ոչ թէ խաղաղութեան պայմանագրի նոր նախագիծ եղած է, այլ նոր առաջարկներ՝ բանակցուող պայմանագրի տարբերակի մէջ։

Յիշեցնենք, որ նոր առաջարկներ Ատրպէյճանին ուղարկելու մասին 24 օգոստոսին յայտարարած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: