Հայաստանի վրայ լուրջ ճնշում կը գործադրեն՝ Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը կրճատելու նպատակով։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է գերմանացի քաղաքագէտ Ալեքսանդր Ռար։
«Եթէ դիտարկենք վերջերս ԵՄ-ի ընդունած տասներորդ պատժամիջոցներու փաթեթը, այն հիմնականին ուղղուած է այն երկիրներու չէզոքացման եւ նոյնիսկ պատժման, որոնք, հակառակ պատժամիջոցներուն, կը փորձեն համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ»,-նշած է ան։
Յիշեցնենք, որ փետրուարի վերջերը Եւրոպական միութիւնն ընդունած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու տասներորդ փաթեթը։ Նոր սահմանափակող միջոցները զգալի սահմանափակումներ կը նախատեսեն ներմուծման եւ արտածման, դրամատնային հատուածի, երկակի նշանակութեան արհեստագիտութիւններու հասանելիութեան համար։ ԵՄ խորհուրդը որոշում կայացուցած է նաեւ արգիլելու ԵՄ-էն արտածուող երկակի նշանակութեան ապրանքներու եւ արհեստագիտութիւններու տարանցումը Ռուսիոյ տարածքով։
9 մարտին ռուսական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Թուրքիան յանկարծակիօրէն դադրեցուցած է պատժամիջոցային բեռներու տարանցումը Ռուսիա։ Հաղորդուած է նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վրայ ճնշման մասին՝ որպէս Ռուսիոյ ելեկտրոնային արտադրանքներու մատակարարման կեդրոն։
Ալեքսանդր Ռար կը կարծէ, որ Հայաստանի վրայ ալ ճնշում կը գործադրուի, որ ան նուազեցնէ համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ, եւ այդ ճնշումը փոքր չէ։ «Կը կարծեմ՝ ճնշումի բանեցմամբ կը զբաղին ամերիկացիները, ինչով անոնք արդէն կը զբաղին Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։ Նոյն գործով անոնք պիտի զբաղին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ»,-աւելցուցած է փորձագէտը։
Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց 2 մարտին Պերլինի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ճեպազրոյցի ժամանակ՝ պատասխանելով այն դիտարկման, թէ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի առեւտրաշրջանառութիւնն աւելցած է, ինչ որ կրնայ ըլլալ ՌԴ-ի դէմ պատժամիջոցները շրջանցելու մաս, յայտարարած է. «Մենք կը հետեւինք տնտեսութեան թիւերուն, բայց մեզի համար կարեւոր են ոչ միայն համեմատութիւնները, մենք յոյս ունինք, որ այդ սկզբունքները կը պահպանուին»։