Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան երկրի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու հետ հանդիպման ժամանակ խօսած է նաեւ հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմայէն:
Թուրքիոյ նախագահը յայտնած է, թէ կը շարունակուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, յառաջիկային պիտի սկսի առեւտուրը եւ Հայաստանի հետ խնդիրները պիտի յաղթահարուին: «Տայ Աստուած, որ սահմանները բացուին եւ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները շարունակուին, ըսած է Էրտողան: