image

Հայաստանի հարկային ոլորտ. ԶՊՄԿ-ն շուրջ 140 միլիոն դրամով աւելցուցած է հարկային մուտքերը

Հայաստանի հարկային ոլորտ. ԶՊՄԿ-ն շուրջ 140 միլիոն դրամով աւելցուցած է հարկային մուտքերը

2024 թուականի առաջին եռամսեակի արդիւնքներով, ԶՊՄԿ մօտ 140 միլիոն դրամով աւելցուցած է հարկային մուտքերը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակամիջոցին հաﬔմատ

2024 թուականի առաջին եռամսեակի տուեալով, Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը (ԶՊՄԿ) մօտ 140 միլիոն դրամով աւելցուցած է հարկային մուտքերը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակամիջոցի հաﬔմատ։ 

2024-ի յունուար-մարտ ժամանակամիջոցին, ընկերութիւնը վճարած է 15 միլիառ 626 միլիոն 783 հազար դրամ հարկ։ Այս ցուցանիշով ԶՊՄԿ 1000 խոշոր հարկատուներու ցուցակին վրայ կը գրաւէ երրորդ հորիզոնականը։ 

Յիշեցնենք, որ վերջին երեք տարիներուն՝ տարեկան ամփոփ ցուցանիշով, ԶՊՄԿ գրաւած է երկրի առաջին հարկատուի դիրքը։ Ի դէպ, կարելի է վստահաբար կանխատեսել, որ յաջորդ եռամսեակին ընկերութեան վճարած հարկերը քանի մը անգամ պիտի գերազանցեն առաջին եռամսեակի հարկերուն։ Որովհետեւ առաջին եռամսեակին չեն արտացոլուած տարեկան հաշուետուութիւնները, որոնք, ըստ հարկային օրէնսգիրքին, կը ներկայացուին ապրիլին, եւ տարեկան վճարներու ﬔծ մասը՝ հանքատուրքի եւ շահութահարկի մասով, կը կատարուին այդ ամիսը։ Այսպէս՝ միայն ապրիլին ԶՊՄԿ վճարած է մօտ 30 միլիառ դրամ հարկ։ Բայց այս  մէկը  կ'արտացոլուի յաջորդ եռամսեակին։