Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ («Զուարթնոց» եւ «Շիրակ») 2023 թուականի յունուար-ապրիլին ուղեւորահոսքը կազմած է 1 453 222 մարդ։
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ նշուած ժամանակահատուածին ուղեւորահոսքը կազմած է 1 427 916, իսկ «Շիրակ» օդակայանին մէջ՝ 25 306։
Նշենք, որ Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ («Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ) 2022 թուականի յունուար-մարտին ուղեւորահոսքը կազմած է ընդամէնը 570 689, իսկ 2021 թուականի առաջին եռամսակին՝ ընդամէնը 270 975 մարդ։
Անգամ առանց նախորդ երկու տարիներու ապրիլ ամսուան ցուցանիշը հաշուի առնելու, ակնյայտ է, որ ուղեւորահոսքը զգալիօրէն աճած է։