image

Հայաստան-Թուրքիա սահման. Տեղի ունեցած է Ռուբինեան-Քըլըչ հանդիպում (Լուսանկարներ)

Հայաստան-Թուրքիա սահման. Տեղի ունեցած է Ռուբինեան-Քըլըչ հանդիպում (Լուսանկարներ)

Հայաստան-Թուրքիա սահմանին կ՚ընթանայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի 5-րդ հանդիպումը:

Հանդիպման սկիզբը յատուկ ներկայացուցիչները շրջած են Մարկարայի վերանորոգուած անցակէտին մէջ:

Նշենք, որ Ռուբինեանի եւ Քըլըչի հանդիպումը նախատեսուած էր դեռ յուլիս 3-ին, սակայն յետոյ թրքական կողմը հրաժարած էր անկէ։

Հայ-թրքական կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնացները մինչ օրս պաշտօնական չորս հանդիպում ունեցած են, վերջինը՝ Վիեննայի մէջ: Այդ հանդիպման կողմերը պայմանաւորուած էին բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ: