Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն այսօր Անգարայի մէջ ըսած է, որ իր հայ պաշտօնակցի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են երկու երկիրներու միջեւ ցամաքային հաղորդակցութեան բացման համար ենթակառուցուածքներու նախապատրաստման գործընթացը արագցնելու վերաբերեալ։
«Երկու կողմերն ալ ունին սահմանային անցակէտերու մօտ գտնուող ճանապարհներու եւ կամուրջներու վերլուծութեան եւ ստուգումներու արդիւնքները։ Աշխատանքները ընթացքի մէջ են, կան քայլեր, որոնք մենք պիտի ձեռնարկենք սահմանային անցակէտեր տանող ճանապարհներու վերաբերեալ։ Այսօր մենք պայմանաւորուած ենք արագցնել գործընթացը»,- ԹԱՍՍ-ը մէջբերած է Չաւուշօղլուի այս խօսքերը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսէն։
«Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առաջընթացը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ բարենպաստ մթնոլորտի ձեւաւորման: Այսօր մենք քննարկած ենք մեր երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ հետագայ քայլերը։ Իմ գործընկերը տեղեկացուց նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղ պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքի մասին, որոնք կը շարունակուին»,-ըսած է Չաւուշօղլուն։