image

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հեռուստամարաթոն պիտի կ՚այացնէ արցախցիներու համար

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հեռուստամարաթոն պիտի կ՚այացնէ արցախցիներու համար

Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ իր որդեգրած սահմանամերձ համայնքներու զարգացման եւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն աջակցելու առաքելութիւնը։ Մարդասիրական հրատապ կարիքները լուծելու նպատակով Հիմնադրամը կազմակերպած է տարեկան հեռուստամարաթոնը` «Քեզ համար, Հայաստան» խորագիրով, յայտնած են հիմնադրամէն։

«Կեդրոնանալով սահմանամերձ համայնքների կենսունակութեան բարձրացման եւ տեղահանուած ընտանիքների համար արժանապատիւ կեանքի ապահովման վրայ՝ Հիմնադրամը առաջնահերթութիւն կու տայ կենսապայմանների բարելաւմանն ուղղուած նախաձեռնութիւններին: Հրատապ աջակցութեան հետ, Հիմնադրամը նախատեսում է իրականացնել միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագրեր, որոնք նախատեսուած են յատկապէս գիւղական վայրերում բնակութիւն հաստատած տեղահանուած ընտանիքների համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ իւրաքանչիւրի մասնակցութիւնն ու ներդրումը զգալի փոփոխութիւններ կը բերեն մեր հայրենակիցներու կեանքին մէջ։

Նուիրաբերութիւններ կարելի է կատարել հիմնադրամի առցանց հարթակով։