image

Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են երրորդ պատերազմին. ICG Փորձագիտական հարթակ

Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են երրորդ պատերազմին. ICG Փորձագիտական հարթակ

Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն երկու տարի անց Հայաստանն ու Ատրպէյճանը անյարմար կերպով մօտեցած են երրորդի սկիզբին, ըսուած է Միջազգային ճգնաժամային խումբի (ICG) նոր զեկոյցին մէջ։

«2022 թուականի ընթացքին, նոյնիսկ երբ միջնորդները կը փորձէին բանակցիլ համապարփակ խաղաղ համաձայնագրի շուրջ, երեք խոշոր բախումներ՝ վերջինը սեպտեմբերին, ցոյց տուին իրավիճակի անկայունութիւնը։ Թէեւ Լեռնային Ղարաբաղի լեռնային անկլաւի ապագան կը մնայ հարեւաններու միջեւ հակամարտութեան կեդրոնը, սեպտեմբերեան մարտերը, որոնք տեղի ունեցած են սահմաններու երկայնքով եւ Հայաստանէն ներս, ընդլայնած են մարտադաշտը»,-ըսուած է Միջազգային ճգնաժամային խումբի զեկոյցին մէջ:

Քանի որ Ատրպէյճանը ռազմական մեծ առաւելութիւն ունի, իսկ Ռուսիա շեղուած է Ուքրանիոյ պատերազմով, քիչ բան կրնայ խանգարել Պաքուին օգտագործել իր առաւելութիւնը այս նոր ճակատին մէջ, եթէ ան անհամբերութիւն ցուցաբերէ բանակցութիւններու մէջ: Սա կրնայ երկու երկիրները կրկին պատերազմի մեջ ձգել մարդկային զգալի կորուստներով եւ ի վնաս ողջ Հարաւային Կովկասի, ըսուած է կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին Եւրոպական միութեան (ԵՄ) քաղաքացիական վերահսկողութեան նոր առաքելութիւնը համարձակ եւ յուսադրող քայլ է, որ կ'օգնէ նուազեցնելու վտանգները։ Որպէսզի առաքելութիւնը յաջող ըլլայ, անհրաժեշտ է անոր միջոցներ եւ մանթատ տրամադրել»,- կը կարծեն ICG-էն։

«Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը գտնուին դաժան հակամարտութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ, որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն Ատրպէյճանի մաս կազմած է եւ ուր մեծամասամբ էթնիկ հայ բնակչութիւն կ'ապրի: Հայկական զօրքերը 1990-ականներու սկիզբը ուժով վերահսկողութեան տակ վերցուցած են անկլաւը եւ յարակից եօթ շրջանները, եւ գրեթէ 30 տարի այն կառավարուած է Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ տեղակայուած փաստացի իշխանութիւններու կողմէ: Սակայն 2020 թուականի վեցշաբաթեայ պատերազմէն ետք որու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 7000 զինծառայող, Ատրպէյճանը վերականգնեց իր վերահսկողութիւնը խորհրդային Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի մօտ մէկ երրորդի եւ յարակից եօթ տարածքներու մեծ մասի վրայ՝ ցոյց տալով իր գերազանց ռազմական ներուժը: Ռուսիա հրադադարի մասին համաձայնագրի կնքման միջնորդ հանդէս եկաւ, որպէսզի վերջ դրուի պատերազմին, ինչպէս նաեւ քայլեր ձեռնարկեց խաղաղութիւնը պահպանելու համար: Ան խաղաղապահներ մտցուց՝ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը անկլաւին մէջ եւ անոր շուրջը զսպելու համար, ինչպէս նաեւ՝ հայկական կողմէ սահմանապահներ, որպէսզի սահմանին կողմերու միջեւ բախումներ չըլլան։ Բայց արդիւնքները լաւագոյն պարագային անհաւասարաչափ եղած են, քանի որ Պաքուն կը փորձարկէր իր նոր ուժերը ինչպէս բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, այնպէս ալ մարտի դաշտին մէջ»,-ըսուած է զեկոյցին մէջ: