image

Հայաստան դիմած է ՄԱԿ-ի դատարան

Հայաստան դիմած է  ՄԱԿ-ի դատարան

Հայաստան Ատրպէյճանի ցեղային խտրականութեան գործով հայց ներկայացուց Արդարադատութեան միջազգային դատարանին` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով, պահանջելով միջանկեալ միջոցներ կիրառել:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կայքը:

Դատարանի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի,  որ Երեւան ՄԱԿի դատարանին կոչ կ՛ուղղէ՝ հաստատելու Ատրպէյճանի յանձնառութիւնը` հրաժարելու «որեւէ գործողութենէ, որ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ուղղուած է մնացած հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանելուն»: