image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան-Ատրպէյճան ԱԳՆ-ի մակարդակով հանդիպման պայմանաւորուածութիւն չկայ. Հայաստանի Արտաքին Գործոց

Հայաստան-Ատրպէյճան ԱԳՆ-ի մակարդակով հանդիպման պայմանաւորուածութիւն չկայ. Հայաստանի Արտաքին Գործոց

Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեանի՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումին մասին յայտարարութենէն ժամեր ետք, թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու հերքեցին այդպիսի հանդիպումի մը մասին պայմանաւորուածութեան առկայութիւնը:   

«Ազատութիւն»ը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հարցուցած է, որ արդեօք եղա՞ծ է յստակ պայմանաւորուածութիւն, որմէ հիմա կը հրաժարի Ատրպէյճան. նախարարարութեան բանբեր Անի Բադալեան պատասխանած է, որ եթէ ըլլայ հանդիպման պայմանաւորուածութիւն, իրենք տեղեակ պիտի պահեն:

«Եթէ լինում է հանդիպման պայմանաւորուածութիւն, մենք տեղեկացնում ենք», -ըսած է Բադալեան:

Մինչ այդ, յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան յայտարարեց, որ Պաքու ընդունեց Յունուարին Միացեալ Նահանգներու մէջ իրականացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը: