image

Հայ Կաթողիկէ Վարդապետը կը մասնակցի Պուտաբէշթի Սուրբ Հաղորդութեան համաժողին

Հայ Կաթողիկէ Վարդապետը կը մասնակցի Պուտաբէշթի Սուրբ Հաղորդութեան համաժողին

Հայ Կաթողիկէ համայնքի միաբաններէն Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան օրերս կը գտնուի Հունգարիոյ մայրաքաղաք ՝ Պուտափէշթի  մէջ, ուր եւ կը մասնակցի Կաթողիկէ աշխարհի կրօնական կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկուն։ 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մօտիկ կանգնած իր աղբիւրէն։ 

 

 Կը նշուի, որ արարողութիւնը կը կոչուի Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Համաժողով եւ անոր կը մասնակցին Քրիստոնեայ աշխարհի  ամենատարբեր եկեղեցիներու առաքինի գործիչներ եւ առաջնորդներ։

 

 Նշենք նաեւ, որ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ Գազանճեան այս կարեւոր իրադարձութեան կը մասնակցի ներկայացնելով  Պոլսոյ Հայոց Վիճակաւոր եւ Առաջնորդ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։

 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  արմատներով լիբանանահայ Հայր Վարդան, որ  քահանայական ձեռնադրութիւնն ստացած է Պէյրութի մէջ ու շրջան մըն ալ կարեւոր գործունէութիւն տարած է այնտեղ վերջին տարիներուն  հոգեւոր ծառայութեան համար գործուղուած է ՝ Պոլիս եւ կը ծառայէ, որպէս Հայ Կաթողիկէ Ոսկեբերան եկեղեցւոյ  հոգեւոր հովիւ եւ ժողովրդապետ։ 

 Քրիստոնէական սիրոյ եւ նուիրումի արտայայտութիւն հանդիսացող այս կարեւոր միջոցառումը պիտի աւարտի  ՝կիրակի օր, եւ փակման աղօթքին պիտի հանդիսապետէ ու հաւատացեալներուն իր պատգամը հաղորդէ Հռոմի Ֆրանչիսկուս Պապը։