image

Հայ դպրոցի արժէքը կը մնայ անփոխարինելի. Ակնարկ «Ազատ Օր»էն

Հայ դպրոցի արժէքը կը մնայ անփոխարինելի. Ակնարկ «Ազատ Օր»էն

Ամրան  արձակուրդի  այս օրերուն, երբ  ամենատարբեր   հայագաղութներուն մէջ ապրող հայ  աշակերտները «կ՚արբենան»  արեւուն տուած ներուժով   անգամ մը եւս մեր մտքերը  մեզ կ՚առաջնորդեն  մտորելու հայ դպրոցի  դերին կարեւորութեան  մասին։ 

Մասնաւորապէս  աշխարհասփիւռ   հայկական սփիւռքի  գուցէ ամենահեռաւոր  կէտին վրայ, ուր նոյնիսկ «մէկ հայ կ՚ապրի»  հայ դպրոցը  կայ ու   մկրտուած է իր առաքելութիւնը անխափան  կերպով  շարունակելու  յանձնառութեամբ։

 Յանձնառութիւն, որ սոսկական  խօսք մը չէ,  այլ քրտնաջան  աշխատնք է, եռանդ է ու ամենակարեւորը է նուիրում։

 

 Ահա  այս ոգիով է, որ  Աթէնքի մեր պաշտօնակից ՝ «Ազատ օր»ի խմբագրական կազմը  պատեհ   առիթ գտած է   մեր կեանքին մէջ հայ դպրոցին դերն  ու տեղը իմաստաւորելու։

Եւ օրեր առաջ  հրապարակուած  խմբագրականը կը յանձնենք «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան,  այն     վսեմական ակնկալիքով, որ  աստ եւ անդ եւ ամէն դի  մեր ազգայիններն ու նուիրեալները պիտի շարունակեն իրենց անմնացորդ նեցուկը ցոյց տալ  սփիւռքի տարածքին մեր «հոգեւոր  տան» ՝ հայկական դպրոցին ու տիպ ու տառին։

Եթէ մեր գաղութի վերջին հարիւր տարիներու հաշուետուութիւնը փորձէինք կատարել, անկասկած պիտի յայտնէինք, թէ մեր հայօճախի ամենամեծ ու անկիւնադարձային նուաճումը եղած է հայակրթութեան տարածումը անհամար պատանի սերունդներուն մօտ։

Հայեցի կրթութեան ծնունդն ու զարգացումը մեր գաղութէն ներս ընթացաւ զուգահեռ գաղթականներու ժամանումին Փոքր Ասիոյ ու Կիլիկիոյ ափերէն եւ դարձաւ առաջին ու ամէնէն հրամայական նախապատուութիւնը, երբ տարագիրները նոյնիսկ վրաններու տակ պատսպարուելու հնարաւորութիւն չունէին։ 

Հայ դպրոցն էր ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր. հաւատաւոր ուսուցիչներու անշահախնդիր եւ ամբողջական նուիրումն էր, որ տարաբախտ հայորդիները կը մղէր վառ պահել իրենց մէջ մեսրոպեան տառի ու հայոց լեզուի ուսուցումը, որպէս գլխաւոր ազդակ վերապրումի ու սերունդներու փրկութեան։

Անցան տասնեակ տարիներ։ Մեր գաղութը ունեցաւ նոյնքան տասնեակ վարժարաններ հոն ուր յունահայութիւնը փոքրիկ օճախներ կազմած էր։  

Տարիներու սահանքին մէջ հայութեան թիւը նօսրացաւ, անոր հետ միասին չքացան դպրոցները, սակայն ոչ մէկ պարագային հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութիւնը դարձաւ երկրորդական իմաստ Հայ Կապոյտ Խաչին համար, որուն վարժարանները մնացին կանգուն՝ շնորհիւ աննման դաստիարակներուն եւ խաչեան նուիրեալներուն, որպէսզի Հ.Կ.Խաչի երկու մանկապարտէզները, նախակրթարաններն ու միջնակարգը շարունակեն մեսրոպեան լոյսը սփռել հայ սերունդներու հոգիին մէջ։

Ահա՛, այս իրականութեան տակ, այսօր հպարտութեամբ կը նշենք Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարանի հիմնադրութեան 60-ամեակը, անոր անխափան գործունէութեան վեց տասնամեակներու հրաշագեղ ուղին, ուր սերունդներ եւ կրթական մշակներ ճամբայ կտրեցին մեսրոպաշունչ լոյսի ճառագայթումներուն մէջէն՝ քիչ մը աւելի հայանալու, քիչ մը աւելի զգալու հայ հողի ու երկինքի անուշաբոյր շունչը, քիչ մը աւելի թրծուելու հայ ոգիի, հայ մշակոյթի, հայոց պատմութեան ու հերոսութեան կայծերով։

Լ. եւ Ս. Յակոբեան նախակրթարանը ու Ա. Գալուստեան մանկապարտէզը, ապա նոյն համալիրէն ներս գործող Ճէնազեան միջնակարգը, որու երեսուն տարիներու կեանքը եւս բարերար ներգործութիւն մը պարգեւեց մեր սերունդներուն, կը շարունակեն այսօր հանդիսանալ մեր գաղութի հայեցի կրթութեան, նորահաս սերունդներուն մօտ հայ միտքի ու գիրի առաջին ծլարձակումներուն բոցավառող կրակը, որոնց արժէքն ու գոյութեան իմաստը վեր է ամէն տեսակի հաշիւէ ու մանրուքէ։

Շատ բան փոխուած է սերունդներուն մօտ։ Այսօր, հայակրթութեան կարեւորութիւնը նուազ ընկալում կ՚ունենայ նորաստեղծ ընտանիքներուն մէջ, երբեմն հայերէն առարկաներու ուսուցումը նկատելով նուազ կարեւոր երեխայի ապագայ կեանքի կազմաւորման համար։ 

Սակայն, հայ դպրոցի արժէքը կը մնայ անփոխարինելի. ո՛չ մէկ արդի ու համբաւաւոր օտար դպրոց կրնայ պարգեւել հայ վարժարանի ջերմացնող մթնոլորտը, այլ ան միա՛կն է իր կարգին ու մեծութեան մէջ, իւրայատո՛ւկ է, սեփակա՛ն է, վերջապէս՝ հայկակա՛ն է։

Վստահաբար, մեր կրթական ծրագիրները, ըմբռնումներն ու միջոցները կը կարօտին տեւական բարելաւման, կրնա՛ն, պէ՛տք է պատշաճին նոր ժամանակներու արդի հասկացողութեան ու նորաձեւ մանկավարժական կիրարկումներուն։ 

Վստահ ըլլանք սակայն, թէ մեր վարժարանները, անոնց ուսուցիչները, դպրոցներուն վրայ հսկող մարմինները այսպէս կը մտածեն ու կը տքնին։ 

Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ կրթութիւն ջամբելը հեշտ գործ մըն է։ Սակայն, ամէն տեսակի դժուարութիւն յաղթահարելու՝ գաղութային մարմիններու եւ ժողովուրդին կամքն է, որուն շնորհիւ տասնամեակներ շարունակ Հ.Կ.Խաչի կրթական օճախները անսասան կը մնան, որոնց շարքին՝ Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանը կը շարունակէ գիտութեան ու լոյսի իր ճառագայթումներով զարգացնել մեր մատղաշ սերունդներու հոգեմտաւոր աշխարհը։

Հպա՛րտ մնանք մեր վարժարաններով, հպա՛րտ ըլլանք, որ մայր Սոֆիա Յակոբեանի կատարած նշանակալի բարերարութիւնը, ժողովրդային մասնակցութինը եւ այն ժամանակի անխոնջ գործիչներու աննկարագրելի զոհողութիւնը կը շարունակեն տոգորել յունահայ զանգուածներու սէրն ու հաւատարմութիւնը հայեցի կրթութեան յարատեւման հանդէպ։

Կանգո՛ւն մնան Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանն ու Ճէնազեան միջնակարգը։ Կանգո՛ւն մնան Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի բոլոր կրթարանները։ 

Հայակրթութիւնն ու հայ վարժարանը պիտի շարունակեն հանդիսանալ մեր աչքին լոյսը։ 

Հաւաքական եւ վճռական համոզումով։