image

Հատիսի վրայ յայտնաբերուած ամրոցը պիտի վերականգնուի Ծառուկեանի կողմէ

Հատիսի վրայ  յայտնաբերուած ամրոցը պիտի վերականգնուի Ծառուկեանի կողմէ

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան ու «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի միջեւ կնքուած է յուշագիր՝ ՀՀ Կոտայքի մարզի Հատիս լերան վրայ նոր յայտնաբերուած ամրոցի հետագայ հնագիտական ուսումնասիրութեան, ամրակայման եւ վերականգնման աշխատանքներու շուրջ համագործակցութեան վերաբերեալ:

ԿԳՄՍ նախարարութեան կողմէ յուշագիրը ստորագրած է նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը, իսկ «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամի կողմէ՝ լիազօր ներկայացուցիչ Արայիկ Կոսէեանը:

Յուշագիրը կնքուած է՝ կարեւորելու պատմամշակութային ժառանգութեան արժէքն ու հետագայ սերունդներուն փոխանցելու անհրաժեշտութիւնը, օժանդակելու պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու վերականգնմանն ու օգտագործման:

Նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը վստահութիւն յայտնած է, որ համատեղ գործունէութիւնը պիտի իրականացուի՝ ի շահ յուշարձանի պահպանութեան եւ հանրայնացման: Կողմերը վերահաստատած են յուշագրով սահմանուած պարտականութիւններն իրականացնելու պատրաստակամութիւնը: