image

Հաստատուեցաւ. Այսուհետեւ Լին Թրյէսի Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան

Հաստատուեցաւ. Այսուհետեւ Լին Թրյէսի Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Սենատը հաստատած է Լին Թրէյսիի թեկնածութիւնը Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին։

Նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ սեպտեմբերին առաջադրուած թեկնածութիւնը պաշտպանած է 93 օրէնսդիր, դէմ քուէարկած է երկու սենատոր։

Ան պիտի ըլլայ Նահանգներու առաջին կին դեսպանը Ռուսիոյ մէջ։ Մասնագէտ դիւանագէտ Թրէյսին մինչ այս ԱՄՆ դեսպանն էր Հայաստանի մէջ։ Դիւանագիտական գործունէութեան ընթացքին նախկապէս ան աշխատած է Մոսկուայի դեսպանատան մէջ, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բաժնին մէջ զբաղցուցած է Ռուսիոյ գծով աւագ խորհրդականի պաշտօնը։