Հասնինք Վարդանին (Տեսանիւթ)

Հասնինք Վարդանին (Տեսանիւթ)

 Առողջական լուրջ խնդիրներու առաջ կանգնած պէյրութահայ Վարդան Մարկոսեանը կարիքն ունի Ձեր բոլորի աջակցութեան։

Այս մասին «Արեւելք»ին հաղորդեցին Պէյրութէն։

Մանրամասնները՝ թելեկրամի մեր ալիքով։

 

 Կը նշուի, որ Վարդան  ունի շաքարախտի խնդիրներ, ինչպէս նաեւ հերթական կերպով կ՚ենթարկուի  երիկամներու լուացման գործընթացին (տիալիզ)։

Վերջին շրջանին անոր վիճակը կտրուկ վատացած է, եւ բժիշկներու խորհուրդով պէտք է արագօրէն ենթարկուի վիրաբուժական գործողութեան։

Վարդանի վիճակը,  ինչպէս մեծ թիւով լիբանանահայերու բաւական դժուար է, ու ան այս պահուն կարիքն ունի մեր բոլորի նեցուկին։

Ինչպէս շատերը գիտեն, Լիբանանը յայտնուած է տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ, որ նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ նոյնիսկ բարեսիրական եւ առողջապահական հիմնարկները նուազեցնեն իրենց նիւթական աջակցութիւնը։

 

 Առ այդ մեր հետեւորդներէն կը խնդրենք, որ իւրաքանչիւրն իր կարողութեան սահմաններուն մէջ օգտակար դառնան Վարդանին ու անոր հետ կապ հաստատեն հետեւեալ թիւով (Ուաթց ափ) +961 71 519 855 ։

 

Ի դէպ Վարդան անձնապէս կը պատմէ իր վիճակին մասին մանրամասնօրէն՝ տեսանիւթով։

Առողջական լուրջ խնդիրներու առաջ կանգնած պէյրութահայ Վարդան Մարկոսեանը կարիքն ունի Ձեր բոլորի աջակցութեան։ Այս մասին «Արեւելք»ին հաղորդեցին Պէյրութէն։ Մանրամասնները՝ թելեկրամի մեր ալիքով։ Կը նշուի, որ Վարդան ունի շաքարախտի խնդիրներ, ինչպէս նաեւ հերթական կերպով կ՚ենթարկուի երիկամներու լուացման գործընթացին (տիալիզ)։ Վերջին շրջանին անոր վիճակը կտրուկ վատացած է, եւ բժիշկներու խորհուրդով պէտք է արագօրէն ենթարկուի վիրաբուժական գործողութեան։ Վարդանի վիճակը, ինչպէս մեծ թիւով լիբանանահայերու բաւական դժուար է, ու ան այս պահուն կարիքն ունի մեր բոլորի նեցուկին։ Ինչպէս շատերը գիտեն, Լիբանանը յայտնուած է տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ, որ նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ նոյնիսկ բարեսիրական եւ առողջապահական հիմնարկները նուազեցնեն իրենց նիւթական աջակցութիւնը։ Առ այդ մեր հետեւորդներէն կը խնդրենք, որ իւրաքանչիւրն իր կարողութեան սահմաններուն մէջ օգտակար դառնան Վարդանին ու անոր հետ կապ հաստատեն հետեւեալ թիւով (Ուաթց ափ) +961 71 519 855 ։ Ի դէպ Վարդան անձնապէս կը պատմէ իր վիճակին մասին մանրամասնօրէն՝ տեսանիւթով։